Թալեպանները արտօնած են քաղաքացիներու հեռացումը 31 Օգոստոսէն ետք շարունակել
Թալեպան ծայրայեղական շարժումը, որ օգոստոսի կէսերէն գրաւած է ԱՖղանիստանի մէջ իշխանութիւնը, արտօնած է 31 օգոստոսէն ետք ալ շարունակել քաղաքայիններու հեռացումը Քապուլէն: Այս մասին հաղորդեց ռուսական «Կազեթա» կայքը` յղում կատարելով շարժումի բանբեր Զապիհուլլա Մուժահիտին:
«Մենք խնդիր չունինք խաղաղ բնակիչներուն հետ», ըսած է ան:
Թալեպաններու բանբերին համաձայն, Քապուլի նոր կառավարութիւնը բազմիցս զգուշացուցած է քաղաքի բնակիչներն ու ամերիկացիները, որ հեռացման աշխատանքը վտանգաւոր պիտի ըլլայ:
«Մենք կ՛ըսէինք ամերիկացիներուն, որ իրենց հետ չտանին խաղաղ աֆղանները, եւ անոնց չենք ստիպած հեռանալ երկրէն», մեկնաբանած է Մուժահիտ: Վերջինս օրեր առաջ յայտարարած էր, որ հեռացումը պէտք է աւարտի մինչեւ 31 օգոստոս, որմէ ետք հեռացումներ կատարելու պարագային համապատասխան արձագանգ պիտի տրուի:
ՕԹԱՆ. «Օտար ուժերուն նպատակը իրենց քաղաքացիներն ու դեսպանատուներու պաշտօնեաները մինչեւ 30 օգոստոս հեռացնելն է»
ՕԹԱՆ-ի մէջ պաշտօնատար մը նշեց. «Օտար ուժերուն նպատակը իրենց քաղաքացիներն ու դեսպանատուներու պաշտօնեաները մինչեւ 30 օգոստոս (Աֆղանիստանէն) հեռացնելն է»:
Ան յայտնեց, որ Թալեպան շարժումը պիտի ամրապնդէ ապահովական քայլերը Քապուլի օդակայանի դարպասներուն մօտ եւ բազմութիւնը ղեկավարելու համար յաւելեալ ուժեր գործի պիտի լծէ:
«Թալեպան շարժումը վերջին շաբաթներուն հազարաւորներու բանտերէն դուրս գալ արտօնելէն ետք պէտք է Քապուլի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի ներկայութեան շուրջ հետաքննութիւն կատարէ: Ինչպէս նաեւ Թալեպան շարժումին կոչ կ՛ուղղենք` յստակացնելու կառավարման վերաբերեալ իրենց կանոնները», շեշտեց ՕԹԱՆ-ի պաշտօնատարը:
Միւս կողմէ,` Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն իր բրիտանացի պաշտօնակից Տոմինիք Ռափի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին քննարկեց Քապուլի օդակայանին մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական ահաւոր յարձակումը:
Երկու նախարարները համաձայնեցան ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ սերտ գործակցութիւնը շարունակելու կարեւորութեան շուրջ:
Աղբիւրը` «Ազդակ»
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ