ՄԱԿ-էն կոչ՝ Ատրպէյճանին եւ Հայաստանին
ՄԱԿ-ը Ատրպէյճանին ու Հայաստանին կոչ կ'ընէ զսպուածութիւն ցուցաբերելու՝ ի տես երկու երկիրներու սահմանին շարունակուող բախումներուն: Այս մասին ուրբաթ ճեպազրոյցի ժամանակ յայտարարած է ՄԱԿ -ի գլխաւոր քարտուղարի պաշտօնական ներկայացուցիչի տեղակալ Ֆարհան Հաքը, կը հաղորդէ ԹԱՍՍ -ը:
«Մենք կը շարունակենք կողմերուն կոչ ընել զսպուածութիւն ցուցաբերելու, ձեռնպահ մնալու լարուածութեան սրման միտուած գործողութիւններէն եւ երկխօսութեան միջոցով լուծելու առաջացող խնդիրները»,- ըսած է ան:
Սահմանին իրավիճակը լարուած կը մնայ 12 Մայիսէն: Այդ ժամանակ հայկական ռազմական գերատեսչութիւնը յայտարարած էր, որ ատրպեճանական զինուժը «սահմանի ճշգրտման» նպատակով փորձած է «որոշակի աշխատանք» իրականացնել Սիւնիքի մարզի սահմանամերձ շրջաններէն մէկուն մէջ: Անկէ ետք երկու կողմերն ալ պարբերաբար կը յայտնեն միջադէպերու մասին:
Քաղուած «Արեւելք» էն
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ