Որոնել

Հայիթիի սպաննուած նախագահն ու տիկինը Հայիթիի սպաննուած նախագահն ու տիկինը 

Սպաննուած է Հայիթիի նախագահ Ժովինիլ Մոյսը։

Յարձակումին բերումով ծանրապէս վիրաւորուած է նաեւ Նախագահին տիկինը։ Վարչապետ Ժոզէֆ դատապարտեց «տմարդկային, ատելի ու բարբարոսական» արարքը։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ

Չորեքշաբթի 7 Յուլիսին անծանօթ զինեալներ ներխուժած են Հայիթիի նախագահական պալատ ու կրակ բանալով սպանած են Հայիթիի նախագահ Ժովինիլ Մոյսը։

Տակաւին անյայտ կը մնան այս ոճիրին հեղինակները թէեւ երկրի ժամանակաւոր վարչապետ Քլոտ Ժոզէֆ, որ նախագահի մահէն ետք ստանձնեց երկրին ղեկը, յայտարարեց թէ նախագահը սպաննուած է զինուած «վարձկաններու» քոմանտոսի մը կողմէ, որոնցմէ մի քանիները սպանախօս էին։

Յարձակումին բերումով ծանրապէս վիրաւորուած է նաեւ Նախագահին տիկինը։

Վարչապետ Ժոզէֆ դատապարտեց «տմարդկային, ատելի ու բարբարոսական» արարքը։

Պատահածը դժբախտաբար աւելիով կարող է սրացնել Հայիթիի մէջ ապրուած

տնտեսական-քաղաքական տագնապը։ Երկիրը համարուած է Ամերիկեան մայրցամաքի ամէնէն աղքատ տէրութիւնը որ տակաւին կը կրէ 2010-ի ահաւոր երկրաշարժի հետեւանքները, որուն պատճառաւ մահացան 250 հազար անձ ու այլ 300 հազարը վիրաւորուեցան։

ՄԱԿ-ի ապահովութեան խորհուրդը հրաւիրեց յատուկ ժողով մը, մինչ բնակչութեան կոչ կ՛ուղղուի պահպանել հանդարտութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/07/2021, 07:55