Որոնել

Իրանի մէջ երաշտ Իրանի մէջ երաշտ 

Իրանի մէջ կը շարունակուին ըմպելի եւ ոռոգման ջուրի բացակայութեան պատճառով ցոյցերը. Կան զոհեր Եւ վիրաւորներ

Իրանի մէջ երաշտը, որ վերջին կէս դարուն ամէնէն աղէտաբերն է, ազդած է տնային տնտեսութիւններու, գիւղատնտեսութեան եւ անասնապահութեան վրայ:
Ունկնդրէ լուրը

Իրանի մէջ ըմպելի եւ ոռոգման ջուրի բացակայութեան պատճառով հարաւարեւմտեան Խուզեսթան նահանգին մէջ 15 յուլիսին սկսած եւ մինչեւ օրս երկրի տարբեր շրջաններուն մէջ տեղի ունեցող ցոյցերը կը սաստկանան:

«Սի.Էն.Էն.» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը, յղում կատարելով շարք մը իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններու, կը հաղորդէ, որ իրաւապահներու եւ ցուցարարներու միջեւ բախումներու ընթացքին զոհերուն թիւը հասած է 10-ի, բազմաթիւ մարդիկ լուրջ վնասուածքներ ունին:

Իրաւապաշտպաններու լրատու գործակալութեան (ՀՌԱՆԱ) տուեալներով` վերջին 10 գիշերներուն ընթացքին Իրանի 30 քաղաքներու եւ շրջաններու մէջ առնուազն 102 մարդ ձերբակալուած է:

Պէտք է նշել, որ խմելու եւ ոռոգման ջուրի բացակայութեան պատճառով սկսած ցոյցերը որոշ շրջաններու մէջ նոր երանգ ստացած են` վերածուելով կառավարութեան հրաժարականի եւ երկրի գերագոյն հոգեւոր պետին դէմ ցոյցերու:

Իրանի մէջ երաշտը, որ վերջին կէս դարուն ամէնէն աղէտաբերն է, ազդած է տնային տնտեսութիւններու, գիւղատնտեսութեան եւ անասնապահութեան վրայ:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/07/2021, 08:50