Որոնել

Արցախ Արցախ 

Արցախի նախագահը ստորագրեց պատերազմէն տուժած ընտանիքներուն բնակարան տրամադրելու ծրագիրը

Ստեփանակերտ քաղաքին մէջ արդէն իսկ կը կառուցուին բազմաբնակարան շէնքեր` շուրջ 1200 բնակարաններով:

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան ստորագրեց կառավարութեան որոշումը` հաստատելով 27 Սեպտեմբեր 2020ին Արցախի Հանրապետութեան վրայ սանձազերծուած պատերազմական գործողութիւններուն իբրեւ արդիւնք զոհուած (մահացած) եւ անյայտ կորսուած նկատուող ընտանիքներուն, հաշմանդամ դարձած եւ (կամ) անօթեւան մնացած անձերուն բնակարան տրամադրելու ծրագիրը:  Այս մասին նախագահը գրած է Ֆէյսպուքի իր էջին վրայ։

Ունկնդրէ լուրը

Ստեփանակերտ քաղաքին մէջ արդէն իսկ կը կառուցուին բազմաբնակարան շէնքեր` շուրջ 1200 բնակարաններով: Հանրապետութեան գիւղական շրջաններուն մէջ կը կառուցուին առնուազն 20 նոր բնակելի թաղամասեր՝  2297 բնակելի տուներ, առաւել քան 36 համայնքներու տեղահանուած բնակիչներուն համար:

Ծրագիրի ֆինանսաւորումը կը կատարուի Հայաստանի Հանրապետութեան պետական պիւտճէի, Արցախի Հանրապետութեան պետական պիւտճէի, Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի եւ օրէնսդրութեամբ նախատեսուած այլ միջոցներու հաշուոյն։

Քաղուած «Ասպարէզ»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/07/2021, 09:48