Հնագոյն Վանի ամրոց մը յայտնաբերուած է
Թուրքիոյ հարաւարեւելեան հատուածին մէջ գտնուող լեռներուն մէջ թուրք հնագէտները Ուրարտուի դարաշրջանի հնագոյն Վանի ամրոց յայտնաբերած են:
Այն կառուցուած է 2800 տարի առաջ:
Գտածոյի պատկանելիութիւնը կը հաստատեն խեցագործական իրերու մնացորդներն ու պատերու փլատակները:
Յայտնի է, որ մեր թուարկութենէն առաջ 9-րդէն 6-րդ դարերուն հայկական լեռնաշղթայի տարածքին մէջ գտնուած է Ուրարտու հնագոյն պետութիւնը: Այն գտնուած է Վան նահանգի Գիւրպինար շրջանին մէջ, մօտ 2500 մեթր բարձրութեան վրայ:
Կը հաղորդուի, որ պետութեան բնակիչները շինարարութեան մէջ օգտագործած են խոշոր քարեր: Ժամանակակից Հայաստանի տարածքին, Սեւանայ լիճի շրջանին մէջ պահպանուած են ուրարտական գրութեամբ մնացորդներ: Իսկ Վանի ամրոցը ամենայայտնին էր: Ամրոցին մէջ գիտնականները պեղած են 6,5 մեթր խորութեամբ մեծ պահեստ: Այնտեղ պահպանուած են խեցեգործական մասունքներ, գրած է Անատոլիական գործակալութիւնը:
Քաղուած «Արեւելք»էն
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ