Որոնել

Պաղեստինեան Գորնըրսթոն պարբերաթերթի համարը Պաղեստինեան Գորնըրսթոն պարբերաթերթի համարը  

Պաղեստինեան Գորնըրսթոն պարբերաթերթի համարը նուիրուած հայութեան

Սապիլը կը ձգտի Աւետարանը եւ անոր հասկացողութիւն-բացատրութիւնը դնել հաւաքականութեան մէջ եւ անոր տալ իմաստ՝մեկնելով նոյն այդ հաւաքականութեան ընկերային-լեզուական եւ մշակութային հասկացողութիւններու մէջէն

Սապիլ, Արաբերէն լեզուով կը նշանակէ  «ճամբայ» , «ալիք» կամ «աղբիւր», միջ-եկեղեցական, տիեզերական (ecumenical)  կեդրոն մըն է Երուսաղէմի մէջ՝որ կը միտի սատարել Ազատագրական Աստուածաբանութեան հասկացողութիւնը եւ կիրարկումը։ Ան Պաղեստինի Քրիստոնեայ համայնքի մէջ բանող աշխուժ կազմակերպութիւն մըն է որ կը կեդրոնանայ ազատագրական շարժումի եւ անոր հասկացողութիւններու եւ կիրարկումներու վրայ։

Սապիլը կը ձգտի Աւետարանը եւ անոր հասկացողութիւն-բացատրութիւնը դնել հաւաքականութեան մէջ եւ անոր տալ իմաստ՝մեկնելով նոյն այդ հաւաքականութեան ընկերային-լեզուական եւ մշակութային հասկացողութիւններու մէջէն։ Եւ թէ ինչպէս իւրաքանչիւր հաւաքականութիւն՝մեկնելով իր քաղաքական, մշակութային եւ պատմական ու ընկերատնտեսական վիճակներէն՝պիտի ընկալէ-հասկնայ Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը եւ կիրարկէ զայն իր կեանքերուն մէջ։ Սապիլ կազմակերպութիւնը կը ձգտի մշակել հոգեւոր հասկացողութիւն-ըմբռնում մը՝  հասնելու համար արդարութեան, խաղաղութեան, ոչ բռնութեան եւ համակեցութեան իրականութիւներուն եւ տարբեր հաւաքականութիււներու մէջ։ Ան նաեւ կը ձգտի միջազգային համակարգի մէջ ծանօթացնել եւ իրազերկ դարձնել Պաղեստինի Քրիստոնեայ համայնքի ինքնութիւնը եւ հաւաքական կեանքի մէջ անոնց ներկայութիւնը ու իրենց վկայութիւնը։ Անոր առաքելութիւնը կը կայանայ արմատաւորել Ազատագրումի Աստուածաբանութիւնը  Քրիստոնէական հաւատքի մէջէն՝ հոն ուր  հաւաքականութեան կեանքերը կապրին բռնարարքներու, բռնութեան, անարդարութեան եւ խտրականութեան պարագաներու եւ պայմաններու մէջ։ Սապիլի հիմնադիրն է Պաղեստինցի Անկլիքան համայնքի Սուրբ Գէորգ տաճարի  նախկին կղերական՝ վեր. Նաիիմ Աթիքը։

«Գորնըրսդոն» (Cornerstone) Սապիլի պարբերաթերթն է եւ որ ունի ծաւալուն տարածում։ Այս ներկայ համարը  նուիրուած է հայ ժողովուրդի պատմութեան եւ մարտահրաւէրներուն։ Անոնք փորձած են վեր առնել նաեւ հայ ժողովուրդի հսկայական մշակութային ժառանգը՝ կեդրոնանալով  Երուսաղէմի հայոց մատուցած մեծ ներդրումին եւ տարբեր մակարդակներու մէջէն։ Արծարծուած է ցեղասպանութեան իրողականութիւնը եւ հայ ժողովուրդի եւ անոր պատմութեան մասին վկայութիւնները  պաղեստինցի հայ եւ արաբ մտաւորականներու կողմէ։ Համարին մէջ տեղ գտած է նաեւ Արաբական Ծոցի Աստուածաշունչի ընկերութեան ընդհանուր քարտուղար՝ Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի յօդուածը։

Շահեկան հրատարակութիւն մը նուիրուած հայ ժողովուրդի համար։ Յատկանշական է որ այս հրատարակութիւնը  կուգայ ժողովուրդ-հաւաքականութենէ մը որ կապրի շատ մը գոյութենական մարտահրաւէրներ՝ի մասնաւորի ներկայ օրերուն։ Եւ իր գոյութեան համար պայքար մղող ժողովուրդ մը կրնայ լաւապէս հասկնալ «ուրիշի» մը տագնապը։ Շնորհակալութիւն այս հրատարակութեանը համար։

Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/06/2021, 09:35