Որոնել

Ռայիսի Իրանի Նախագահ Ռայիսի Իրանի Նախագահ 

Պահպանողական Ռայիսի Իրանի Նախագահ

Երկրի գործող նախագահ Հասան Ռուհանի հանդիպում ունեցաւ եւ շնորհաւորեց իր իրաւայաջորդ Ռայիսին:

Իրանի դատական իշխանութեան ղեկավար սէյիտ Իպրահիմ Ռայիսի ուրբաթ օր տեղի ունեցած նախագահական ընտրութեան յաղթանակ արձանագրելով դարձաւ Իրանի նախագահ:

Ընտրութիւններուն մասնակցած են 28 միլիոն 933 հազար քուէարկողներ: Մասնակցութեան համեմատութիւնը եղած է 48,8 առ հարիւր: 60 տարեկան Ռայիսի ստացած է 17 միլիոն 933 հազար քուէ, այսինքն` քուէներուն 62 առ հարիւրը:

Երկրի գործող նախագահ Հասան Ռուհանի հանդիպում ունեցաւ եւ շնորհաւորեց իր իրաւայաջորդ Ռայիսին:

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆ ընտրեալ նախագահը «ողջամիտ» կոչեց եւ յայտնեց, որ ան Իրանը «լաւ կերպով» պիտի ղեկավարէ:

Իրանի նախագահը գերագոյն հոգեւոր պետէն ետք երկրին մէջ երկրորդ կարեւորագոյն պաշտօնն է, որ կ՛ընտրուի չորս տարուան ժամկէտով` ընդհանուր ընտրութիւններու միջոցով: Պաշտօնին ընտրուած անձը չի կրնար աւելի քան երկու անգամ պաշտօնավարել: Ընտրութեան ընթացքին յաղթանակ արձանագրելու համար թեկնածուն պէտք է ապահովէ ընտրողներուն ձայներու մեծամասնութիւնը` աւելի քան 50 առ հարիւրը:

Նշենք, որ սէյիտ Իպրահիմ Ռայիսիի դէմ ամերիկեան պատժամիջոցներ հաստատուած են:

Իսրայէլի վարչապետ Նեֆթալի Պենեթ երէկ յայտնեց, որ Իրանի նորընտիր նախագահը «վատահամբաւ» է «վարչակարգին ընդդիմախօսները մահապատիժի ենթարկած մահուան յանձնախումբերուն մէջ իր դերակատարութեան համար, ան անձնապէս պատասխանատուութիւն կը կրէ քանի մը հազար իրանցի անմեղ քաղաքացիներու սպանութեան համար»:

«Ռայիսիի` Իրանի նախագահի պաշտօնին ընտրուիլը արթննալու ազդակ է գերտէրութիւններուն: Կարելի չէ, որ դահիճներու վարչակարգը զանգուածային ոչնչացման զէնք ունենայ», ըսաւ ան իր գլխաւորած իսրայէլեան կառավարութեան առաջին նիստին ընթացքին:

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Եայիր Լափիտ մէկ օր առաջ Ռայիսին կոչած էր «ծայրայեղական, որ հակուած է ահաբեկչութեան»:

Քաղուած «Ազդակ»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/06/2021, 10:53