Որոնել

Եւրոպական Միութեան «Միջերկրականեան Եօթնեակ»-ը Եւրոպական Միութեան «Միջերկրականեան Եօթնեակ»-ը 

Եւրոպական Միութեան «Միջերկրականեան Եօթնեակ»-ը միացեալ հռչակագիր։

«Շրջանի բոլոր երկիրներուն կոչ կ՛ուղղենք` յարգելու Եւրոպական Միութեան անդամ բոլոր պետութիւններու գերիշխանութիւնն ու գերիշխան իրաւունքները, ինչպէս նաեւ միջազգային օրէնքը, ներառեալ ծովու մասին օրէնքը»,

Եւրոպական Միութեան «Միջերկրականեան եօթնեակ»-ը (Կիպրոս, Ֆրանսա, Յունաստան, Իտալիա, Մալթա, Փորթուգալ եւ Սպանիա) Աթէնքի մէջ ստորագրած են միացեալ հռչակագիր` վերահաստատելու «աւելի ուժեղ եւ աւելի միասնական Եւրոպայի տեսլականին հիման վրայ սերտ համագործակցութիւնը շարունակելու պարտաւորութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ «Կրիք Սիթի Թայմզ»-ը:

Փաստաթուղթին մէջ անդամ պետութիւնները կոչ ուղղած են` շարունակելու Եւրոպական Միութեան ներգրաւուածութիւնը միջերկրականեան շրջանին մէջ, որ Եւրոպական Միութեան բարգաւաճման, անվտանգութեան եւ կայունութեան համար ռազմավարական նշանակութիւն ունի:

«Շրջանի բոլոր երկիրներուն կոչ կ՛ուղղենք` յարգելու Եւրոպական Միութեան անդամ բոլոր պետութիւններու գերիշխանութիւնն ու գերիշխան իրաւունքները, ինչպէս նաեւ միջազգային օրէնքը, ներառեալ ծովու մասին օրէնքը», նշած են արտաքին գործոց նախարարները եւ Թուրքիոյ կոչ ուղղած` ընդունելու ծովային սահմաններու սահմանազատման շուրջ երկխօսութեան սկսելու Կիպրոսի առաջարկը: Փաստաթուղթին մէջ հաստատուած է նաեւ Կիպրոսի հարցին մէջ ՄԱԿ-ի համապատասխան բանաձեւերուն աջակցութիւնը:

Հանդիպումը խումբի վեհաժողովի համար նախապատրաստական քայլ եղած է: Եւրոպական Միութեան «Միջերկրականեան եօթնեակ»-ի վեհաժողովը տեղի պիտի ունենայ սեպտեմբեր 2021-ին` Աթէնքի մէջ:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/06/2021, 10:57