Որոնել

1624274576773.jpg

Արամ Ա. Կաթողիկոս ողջունեց Իրանի նորընտիր Նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի ընտրութիւնը

Անդրադառնալով Իրանի հայ համայնքին եւ անոր գործօն մասնակցութեան` Իրանի առաւել զարգացման ու յառաջդիմութեան աշխատանքին մէջ, վեհափառ հայրապետը յոյս յայտնեց, որ մեր եկեղեցւոյ զաւակները միշտ պիտի մնան նորընտիր նախագահին հոգածութեան առարկան:
Ունկնդրէ լուրը

Անցեալ  Կիրակի, 20 յունիս 2021-ին, Իրանի նորընտիր նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի ուղղած իր նամակով` Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ուրախութեամբ ողջունեց անոր ընտրութիւնը իբրեւ նախագահ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան: Վեհափառ հայրապետը ըսաւ. «Ձեր ընտրութիւնը շօշափելի արտայայտութիւն է Ձեր անձին նկատմամբ Իրանի ժողովուրդին ունեցած վստահութեան ու համարումին»: Վեհափառ հայրապետը յաջողութիւն մաղթեց նորընտիր նախագահին` յատկապէս ներկայ ժամանակներուն, երբ ամբողջ աշխարհն ու Միջին Արեւելքը կը դիմագրաւեն ահաւոր տագնապներ եւ մարտահրաւէրներ:

Անդրադառնալով Իրանի հայ համայնքին եւ անոր գործօն մասնակցութեան` Իրանի առաւել զարգացման ու յառաջդիմութեան աշխատանքին մէջ, վեհափառ հայրապետը յոյս յայտնեց, որ մեր եկեղեցւոյ զաւակները միշտ պիտի մնան նորընտիր նախագահին հոգածութեան առարկան:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/06/2021, 08:15