Որոնել

Կազա. Պատերազմը դադար չունի. Կազա. Պատերազմը դադար չունի. 

Կազա. Պատերազմը դադար չունի, մինչ զոհերու թիւը կ՛աճի։

Ըստ «Save the Children» մանուկներուն ի նպաստ գործող կազմակերպութեան Կազայի մէջ սպաննուած են 31 մանուկներ իսկ այլ երկու մանուկ Իսրայէլի մէջ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Կազայի դէմ յարձակումը կը շարունակուի այնքան ժամանակ որքան անհրաժեշտ է». Իսրայէլի Վարչապետ Նեթանիաուի սոյն խօսքերը կռահել կու տան թէ Կազայի դէմ գործողութիւնները պիտի տեւեն շատ ժամանակ, մինչ Իսրայէլեան աղբիւրներ կը հաղորդեն, որ Իսրայէլ 7000 պահեստային ուժ զօրաշարժի ենթարկած է ու թէ անոնք Կազայի հետ սահմանային հատուած պիտի տեղափոխուին։

Մինչ ռմբակոծումները կը շարունակուին մտահոգիչ է զոհերուն թիւին աճումը որոնց շարքին նաեւ բազմաթիւ մանուկներ։

Իսրայէլի օդանաւային ուժերը հարուածած են Համասի աւելի քան 150 թիրախ, ու մինչեւ օրս արձակուած են 2 հազար հրթիռ։ Յառաջիկայ Կիրակի օր ՄԱԿ-ի ապահովութեան գրասենեակը արտակարգ նիստի մը ընթացքին պիտի քննարկէ հարցը, թէեւ միջազգային հասարակութիւնը բաժնուած կը մնայ թէ որու վերագրել բռնութեան սրացումի պատասխանատուութիւնը։

Ողբալին այն է, որ մինչ պատերազմը կը շարունակուի իր հետ բերելով կործանում եւ աւէր, զոհերուն ու վիրաւորներուն թիւն ալ կը շարունակուի աճիլ։ Մինչեւ օրս կան աւելի քան 130 մեռեալներ, որոնց մեծամասնութիւնը պաղեստինցիներ են եւ որոնց շարքին կան աւաղ տասնեակ մանուկներ։

Ըստ «Save the Children» մանուկներուն ի նպաստ գործող կազմակերպութեան Կազայի մէջ սպաննուած են 31 մանուկներ իսկ այլ երկու մանուկ Իսրայէլի մէջ։

ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Անթոնիօ Կութերէս դիմելով բոլոր կողմերուն խնդրած է ՝ «անյապաղ դադրեցնել ռազմական գործողութիւնները», զգուշացնելով այն վտանգէն որ շարունակուող մարտերը «կարող են անդառնալի մարդասիրական և անվտանգութեան ճգնաժամ առաջացնել և աւելիով խթանել ծայրայեղականութիւնը ոչ միայն պաղեստինեան տարածքներուն և Իսրայէլի մէջ այլ նաև համայն տարածաշրջանին մէջ»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/05/2021, 14:55