Որոնել

Սիւնիքի մէջ վիճակը կը շարունակէ մնալ լարուած Սիւնիքի մէջ վիճակը կը շարունակէ մնալ լարուած 

Սիւնիքի մէջ վիճակը կը շարունակէ մնալ լարուած. Հայաստան կը դիմէ Միջազգային կառոյցներուն

Պաշտպանութեան նախարարութիւնը եւս անդրադարձաւ այս հարցին եւ հաստատեց, որ ատրպէյճանական զինուած ուժերը 13 Մայիսին եւս «սահմաններու ճշգրտման» հիմնաւորումով, սադրանք կատարեցին Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքին նկատմամբ` փորձելով դիրքային յառաջխաղացք ապահովել Վարդենիսի եւ Սիսիանի սահմանային հատուածներուն մէջ:

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս», «Ազատութիւն».- Երկու օրէ ի վեր Սիւնիքի մարզի սահմաններուն վրայ տիրող իրավիճակը եւ ատրպէյճանական զօրքերուն ոտնձգութիւնները հանդիսացան 13 Մայիսի իրադարձութիւններուն կիզակէտը։ Հայկական կողմը ներքին եւ արտաքին ճակատներու վրայ անդրադարձաւ այս հարցին։

Արդարեւ, Անվտանգութեան խորհուրդի նիստին Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան Սիւնիքի մարզի Սեւ լիճին շուրջ եւ մերձակայ տարածքներուն մէջ տիրող կացութիւնը նկատեց պայթունավտանգ։ «Պատճառն այն է, որ Ադրբեջանի զինուած ուժերի զինծառայողների որոշ խմբեր հատել են Հայաստանի պետական սահմանը եւ Սեւ լիճը պարփակելուն ուղղուած գործողութիւններ են արել: Հայաստանի զինուած ուժերը մարտավարական բնոյթի հակագործողութիւններ են իրականացրել: Յարակից որոշ տարածքներում դիրքաւորուած ադրբեջանցիները մեր զինուժի մարտավարական հակագործողութիւնների արդիւնքներում հեռացել են զբաղեցրած բնագծերից», մանրամասնեց Փաշինեան` աւելցնելով, որ այդ պահուն տակաւին շուրջ 250 ատրպէյճանցիներ կը գտնուին Հայաստանի պետական սահմաններէն ներս` Սիւնիքի եւ Գեղարքունիքի մարզերու կառգ մը հատուածներու մէջ:

Ըստ Փաշինեանի` այս սադրանքը կրնայ ունենալ ոչ թէ տեղային հարցեր լուծելու, այլ՝ ռազմական բախում յառաջացնելու նպատակ։

«Սրա մասին են վկայում հետեւեալ փաստերը`

«Առաջին. տուեալ տեղանքում իրենց գտնուելն Ադրբեջանի զինուժի ներկայացուցիչները փորձում են բացատրել ակնյայտօրէն կեղծուած քարտէզների միջոցով` դրանցով փորձելով հիմնաւորել, թէ դա ադրբեջանական տարածք է: Ինչպէս արդէն նշել եմ` Խորհրդային Միութեան ժամանակ հաստատուած քարտէզները միանշանակ են դարձնում, որ Ադրբեջանի այդ պնդումները որեւէ հիմք չունեն, ինչի մասին գիտեն հէնց իրենք` ադրբեջանցիները:

«Երկրորդ. սադրանքների մեկնարկի օրն Ադրբեջանը յայտարարեց Մայիսի 16ին 15 հազար զինծառայողների մասնակցութեամբ լայնածաւալ զօրավարժութիւններ անցկացնելու մասին:

«Երրորդ. դեռեւս Ապրիլի վերջին Ադրբեջանի նախագահը Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ բացայայտ սպառնալիքներով հանդէս եկաւ` ասելով, որ ուժի գործադրմամբ միջանցք կը բացի Ադրբեջանի եւ Նախիջեւանի միջեւ, ինչպէս ինքն է յորջորջում, Զանգեզուրի միջանցքի տեսքով», յայտնեց ան։

Փաշինեան դիտել տուաւ, որ ստեղծուած իրավիճակը լիարժէքօրէն կը համապատասխանէ ՀԱՊԿի 2րդ յօդուածի 2րդ պարբերութեան, որուն համաձայն՝ «մէկ կամ քանի մը մասնակից պետութիւններու անվտանգութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան սպառնացող վտանգի կամ միջազգային խաղաղութեան ու անվտանգութեան սպառնացող վտանգի պարագային, մասնակից պետութիւնները անմիջապէս կ՚աշխուժացնեն միացեալ խորհրդակցութիւններու գործիքակազմը` իրենց դիրքորոշումները համակարգելու եւ ծագած սպառնալիքը վերացնելու նպատակով միջոցներ ձեռնարկելու համար»։ Առ այդ, ան յանձնարարեց քանի մը պաշտօնեաներ՝ նման խորհրդակցութիւններու մեկնարկի նպատակով միջոցներու ձեռնարկելու, ինչպէս նաեւ աշխատելու ճգնաժամային իրավիճակներուն արձագանգելու կանոնակարգով նախատեսուած ընթացակարգերու սկսելու գծով։ Ան նկատել տուաւ, որ փոխհրաձգութեան դէպքեր չկան, սակայն վերոյիշեալ քայլերը անհրաժեշտ են հետագայ սրում թոյլ չտալու եւ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը, կայունութիւնը եւ ինքնիշխանութիւնը պաշտպանելու համար:

Պաշտպանութեան նախարարութիւնը եւս անդրադարձաւ այս հարցին եւ հաստատեց, որ ատրպէյճանական զինուած ուժերը 13 Մայիսին եւս «սահմաններու ճշգրտման» հիմնաւորումով, սադրանք կատարեցին Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքին նկատմամբ` փորձելով դիրքային յառաջխաղացք ապահովել Վարդենիսի եւ Սիսիանի սահմանային հատուածներուն մէջ:

«Երկու դէպքում էլ ՀՀ զինուած ուժերի գործողութիւնների արդիւնքում առաջխաղացումը կասեցուել է, ադրբեջանական կողմին պահանջ է ներկայացուել տարածքն անյապաղ լքելու եւ իրենց ելման դիրքեր վերադառնալու վերաբերեալ», կ՛ըսուի նախարարութեան տարածած յայտարարութեան մէջ։

Պաշտպանութեան նախարարութիւնը բացայայտ սադրանք նկատեց ատրպէյճանական այդ գործողութիւնները եւ անկանխատեսելի զարգացումներէ խուսափելու համար այդ երկրի զինուած ուժերէն պահանջեց անյապաղ վերադառնալ ելման դիրքեր եւ ձեռնպահ մնալ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին նկատմամբ ոտնձգութիւններէ:

Հայաստանի նախագահը եւս Սիւնիքի մէջ ստեղծուած իրավիճակը չափազանց մտահոգիչ նկատեց եւ կարեւոր համարեց անոր շուտափոյթ հանգուցալուծում գտնել։  «Հրատապ եւ անյետաձգելի է անհրաժեշտ բոլոր միջոցների ձեռնարկումը` անվերապահօրէն պաշտպանելու Հայաստանի Հանրապետութեան, ՀՀ քաղաքացու շահերը եւ անվտանգութիւնը», շեշտեց Արմէն Սարգսեան։

Նախագահը շեշտեց, որ երկրի անվտանգութիւնը եւ սահմաններու անձեռնմխելիութիւնը սակարկելի չեն, անոնց նկատմամբ որեւէ ոտնձգութիւն դատապարտելի է եւ պէտք է արժանանայ յստակ եւ կտրուկ հակազդեցութեան, ինչպէս նաեւ միջազգային արձագանգի: «Իրավիճակի հետագայ սրման, տարածաշրջանի առանց այն էլ զգայուն իրադրութեան խաթարման ողջ պատասխանատուութիւնը կրում է ադրբեջանական կողմը», կ՛ըսուի նախագահին յայտարարութեան մէջ:

Սիւնիքի իրադարձութիւններուն եւ տիրող իրավիճակի անընդունելի ըլլալուն առնչութեամբ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Արա Այվազեան հեռաձայնային զրոյցներ ունեցաւ ԵԱՀԿի գործող նախագահ, Շուէտի արտաքին գործոց նախարար Անն Լինտէի, ՀԱՊԿի ընդհանուր քարտուղար Սթանիսլաւ Զասի եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան եւրոպական եւ եւրասիական հարցերու փոխպաշտօնակատար Ֆիլիփ Ռիքըրի հետ, որոնց ներկայացուցած է Հայաստանի սահմանամերձ տարածքին մէջ տիրող իրավիճակը։

Նախարարի պաշտօնակատար Այվազեան Անն Լինտէին ներկայացուց Ատրպէյճանի զինուած ուժերու գործողութիւններուն իբրեւ արդիւնք Հայաստանի Սիւնիքի մարզին մէջ ստեղծուած իրավիճակը` անթոյլատրելի համարելով միջազգային իրաւունքի խախտմամբ Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքի նկատմամբ ոտնձգութեան փորձերը:

Նախարարի պաշտօնակատարը եւ ԵԱՀԿի գործող նախագահը համակարծիք էին, որ նման գործողութիւններ լուրջ մարտահրաւէր են տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ խաղաղութեան: Այս պարունակին մէջ Այվազեան նշեց, որ ԵԱՀԿի մասնակից պետութեան տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան դէմ Ատրպէյճանի գործողութիւնները, անոնց նախորդած սպառնալիքները ուղղակիօրէն հետեւանք են արցախեան պատերազմին եւ անոր յաջորդած փուլին Ատրպէյճանի ծայր աստիճան յարձակողական գործելակերպին հանդէպ միջազգային հանրութեան ոչ-պատշաճ արձագանգին:

Աւելի ուշ Անն Լինտէ «Թուիթըր»ի իր էջին վրայ գրած է, որ ԵԱՀԿը ուշադրութեամբ կը հետեւի հայ-ատրպէյճանական սահմանին ստեղծուած իրավիճակին: Եւրոպացի դիւանագէտը տեղեկացուց, որ այդ գծով հեռաձայնային զրոյցներ ունեցած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ՝ շեշտելով, որ ինք անձնապէս, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿի նախագահութիւնը ուշադրութեամբ կը հետեւին իրավիճակին։

ՀԱՊԿի ընդհանուր քարտուղար Սթանիսլաւ Զասի հետ զրոյցին ընթացքին Այվազեան անթոյլատրելի նկատեց ՀԱՊԿի անդամ Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքին նկատմամբ Ատրպէյճանի ոտնձգութեան փորձը: Ան հաստատեց, որ այս զարգացումները լուրջ սպառնալիք են նաեւ տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան:

ՀԱՊԿի կայքին վրայ քիչ անց տեղադրուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կը նշուի, որ ՀԱՊԿի մնայուն խորհուրդի նիստին Հայաստանի ներկայացուցիչ Վիքթոր Պիյակով տեղեակ պահուած է Հայաստանի ու Ատրպէյճանի սահմանին 12 Մայիսին տեղի ունեցած միջադէպին մասին: Հաղորդուեցաւ, որ ՀԱՊԿի մէջ ուշադիր կը հետեւին Հայաստանի Սիւնիքի մարզի սահմանային իրավիճակի զարգացման եւ իրավիճակի զարգացումէն մեկնած՝ անհրաժեշտութեան պարագային գործողութիւններ պիտի կատարուին` համապատասխան հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի դրոյթներուն եւ ՀԱՊԿի կանոնադրութեան։

Ֆիլիփ Ռիքըրի հետ զրոյցին ընթացքին Այվազեան ընդգծեց Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան դէմ Ատրպէյճանի սադրիչ գործողութիւններու անընդունելիութիւնը եւ անթոյլատրելիութիւնը՝ աւելցնելով, որ նման գործելաոճ յղի է տարածաշրջանի ապակայունացման սպառնալիքով:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը արձագանգեց եւ պաշտօնական Երեւանին ու Պաքուին կոչ ուղղեց՝ սահմաններուն վրայ զսպուածութիւն ցուցաբերելու։  Նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան ղեկավար Նետ Պրայսըն ընդգծեց, որ նախարարութիւնը ուշադրութեամբ կը հետեւի հայ-ատրպէյճանական սահմանին ոչ-սահմանագծուած հատուածին մէջ լարուածութեան աճին մասին տեղեկատուութեան: «Մենք կը հասկնանք, որ կողմերուն միջեւ շփումները կը շարունակուին, եւ զսպուածութեան կոչ կ՛ուղղենք` իրավիճակի խաղաղ հանգուցալուծման նպատակով», նշեց ան։

Նշենք, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Լաւրովի հետ հեռաձայնային զրոյցին ընթացքին Այվազեան ընդգծեց Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին նկատմամբ Պաքուի ոտնձգութեան անթոյլատրելիութիւնը։

Ազգային ժողովրդավարական միութեան ղեկավար Վազգէն Մանուկեան իր կարգին շեշտեց, որ Սիւնիքի իրադարձութիւնները ցոյց կու տան Հայաստանին սպառնացող լուրջ վտանգներ: «Մինչեւ ընտրութիւնների օրը մենք այս իշխանութեան օրօք կարող ենք կորցնել մեր հայրենիքի նորանոր տարածքներ», դիտել տուաւ ան եւ «Հայրենիքի փրկութեան շարժումը» 14 Մայիսին հրաւիրեց նիստի՝ յառաջիկայ աշխատանքներուն մասին խօսելու համար։

Քաղուած «Ասպարէզ» էն

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/05/2021, 08:34