Որոնել

Ֆրանսայի Նախագահ Մաքրոն Ֆրանսայի Նախագահ Մաքրոն 

Մաքրոն շեշտեց Հայաստանէն Ատրպէյճանական ուժերը անյապաղ դուրս բերելու անհրաժեշտութիւնը

Ֆրանսա պատրաստ է հետագային եւս իր նպաստը բերելու Հայաստանի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներու լուծման, անոր զարգացման եւ յառաջընթացին:
Ունկնդրէ լուրը

Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնային զրոյց ունեցաւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնին հետ՝ վերջինիս նախաձեռնութեամբ: Անոնք քննարկեցին Սիւնիքի մարզին մէջ ատրպէյճանական զինուած ուժերուն կողմէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքը ներխուժելուն իբրեւ արդիւնք ստեղծուած իրավիճակը եւ զայն հանգուցալուծելու քայլերը:

Ֆրանսայի նախագահը իր զօրակցութիւնը յայտնեց Հայաստանի իշխանութիւններուն եւ հայ ժողովուրդին՝ հարցը խաղաղ կերպով լուծելու առումով: Ան վերահաստատեց Ֆրանսայի հաւատարմութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ եւ ընդգծեց Հայաստանի տարածքէն ատրպէյճանական զինուած ուժերը անյապաղ դուրս բերելու անհրաժեշտութիւնը:

Մաքրոն շեշտեց, որ Ֆրանսա պատրաստ է հետագային եւս իր նպաստը բերելու Հայաստանի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներու լուծման, անոր զարգացման եւ յառաջընթացին:

Քաղուած «Ասպարէզ » էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/05/2021, 08:25