Որոնել

Իսրայէլի եւ Պաղեստինի միջեւ հակամարտութիւն Իսրայէլի եւ Պաղեստինի միջեւ հակամարտութիւն 

Իսրայէլ կը ռմբակոծէ Լիբանանը` հակադարձելով Իսրայէլեան շրջաններու հրթիռակոծումին

Իսրայէլի կողմէ ռմբակոծումը թիրախ դարձուց Շամաա գիւղաքաղաքը:

Չորեքշաբթի, 19 մայիսին, յետմիջօրէին իսրայէլեան ուժեր ռմբակոծեցին Լիբանանը` իբրեւ պատասխան լիբանանեան հողերէն դէպի արեւմտեան Գալիլիա արձակուած չորս հրթիռներուն:

Ունկնդրէ լուրը

Իսրայէլեան ուժեր Աքքայի եւ Հայֆայի մէջ կոչ ուղղեցին բնակիչներուն ուղղուելու ապաստանարաններ:

Իսրայէլի կողմէ ռմբակոծումը թիրախ դարձուց Շամաա գիւղաքաղաքը:

Հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու պաշտօնական բանբեր Անտրէա Թինընթի յայտնեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի հրամանատարը ուղղակի կապի մէջ է լիբանանեան եւ իսրայէլեան կողմերուն հետ, եւ զանոնք կը մղէ ինքնազսպումի ենթարկուելու:

Երեկոյեան լիբանանեան բանակը յայտնեց, թէ Սըտտիքին գիւղաքաղաքի մօտակայքը գտած է հրթիռներու մարտկոցներ, որոնց կազմաքանդումի աշխատանքին լծուած է:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/05/2021, 09:00