Որոնել

Հնդկաստանի մէջ սոսկալի վիճակ. Հնդկաստանի մէջ սոսկալի վիճակ.  

Հնդկաստանի մէջ սոսկալի վիճակ. Ստիպուած են հիւանդներու մէկ կամ եր

Եթէ աւելի վաղ հնդիկ բժիշկները տարեկան մուքորմիկոզի երեք կամ չորս դէպք կը նկատէին, ապա այժմ այդ ցուցանիշն աճած է օրական մինչեւ հինգ-վեց դէպքերով:

Հնդկաստանի արեւմուտքին մէջ, այսպէս կոչուած, «սեւ բորբոս»ով (մուքորմիկոզ) վարակուելէ ետք հեռացուցած են հազարաւոր մարդոց մէկ կամ երկու աչքը, կը հաղորդէ Sputnik-ը:

Պարբերականը կը յիշեցնէ, որ նշուած սունկը, որ առկայ է միջավայրին մէջ, կրնայ ճակատագրական ըլլալ թուլացած իմունային (դիմադրողական) համակարգ ունեցող մարդոց համար: Մանրէներու ներշնչումէն ետք հիւանդութիւնը կը խոցէ թոքերը եւ քթային խոռոչները, այնուհետեւ յաճախ կ'արտայայտուի վարակուած անձի դէմքին:

Առաջին փուլերուն նման մարդոց մօտ միայն հարբուխ, դէմքի թեթեւ թմրութիւն, աչքերու այտուցուածութիւն կ'առաջանայ, ուստի շատ հիւանդներ կը յետաձգեն այցը մասնագէտներու մօտ:

Ըստ հաղորդումներու` սունկով վարակուած հիւանդներու մօտ 60 տոկոսը կը կորսնցնէ մէկ կամ երկու աչքերն ալ: «Եթէ մենք չհեռացնենք ամբողջ պարունակութիւնը հիւսուածքներու, ջիղերու եւ կոպերու հետ միասին, վարակը կրնայ ներթափանցել ուղեղի մէջ»,- ըսած է դոկտոր Աքշայ Նաիրը՝ շեշտելով նման գործողութիւններու անհրաժեշտութիւնը:

Մասնագէտներու կարծիքով` «սեւ բորբոս»ը սկսած է արագօրէն տարածուիլ COVID-19-էն զանգուածային բուժումէն ետք, քանի որ ժահրի դէմ կը պայքարին սթերոիտներով, որոնք կրնան ճնշել իմունային համակարգը եւ ճանապարհ բանալ սունկի համար:

Եթէ ​​աւելի վաղ հնդիկ բժիշկները տարեկան մուքորմիկոզի երեք կամ չորս դէպք կը նկատէին, ապա այժմ այդ ցուցանիշն աճած է օրական մինչեւ հինգ-վեց դէպք:

Աւելի վաղ Sputnik ռատիոն հաղորդած էր, որ Հնդկաստանի Ռաճաստան եւ Թելանկանա նահանգները պաշտօնապէս յայտարարած են մուքորմիկոզի համաճարակի մասին:

Քաղուած «Արեւելք» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/05/2021, 08:30