Որոնել

Սուրբ Երկիր Սուրբ Երկիր 

Երուսաղէմի մէջ լարուած իրավիճակ. Գրանցուած են տասնեակ վիրաւորներ

Առնուազն 53 պաղեստինցի ալ վիրաւորուած էր ուրբաթ, Երուսաղէմի Ալ-Աքսա մզկիթի մօտ իսրայէլական ոստիկանութեան հետ բախումներու ժամանակ:
Ունկնդրէ Լուրը

Երուսաղէմի մէջ անկարգութիւններու հետեւանքով տուժածներու թիւը աւելցած է եւ հասած 163-ի: Այս մասին կը յայտնէ «Կարմիր կիսալուսին»-ը:

ТАСС-ի հաղորդմամբ՝ Իսրայէլի ոստիկանութիւնը յայտնած է պաղեստինցիներու հետ բախման հետեւանքով 6 տուժած ոստիկանի մասին:

Առնուազն 53 պաղեստինցի ալ վիրաւորուած էր ուրբաթ, Երուսաղէմի Ալ-Աքսա մզկիթի մօտ իսրայէլական ոստիկանութեան հետ բախումներու ժամանակ: 

Կը հաղորդուի, որ իրաւապահները ռետինէ փամփուշտներով կրակ բացած են մզկիթի ծխական համայնքի ուղղութեամբ, ինչպէս նաեւ օգտագործած են ձայնային նռնակներ: Ականատեսներու խօսքով՝ 23 մարդ հիւանդանոց տեղափոխուած է: Տասնեակ մարդիկ բերման ենթարկուած են:

Քաղուած «Արեւելք»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/05/2021, 09:34