Որոնել

«Ֆրիտըմ Հաուզ» «Ֆրիտըմ Հաուզ» 

«Ֆրիտըմ Հաուզ» յորդորը Ազրպէյճանին՝ՄԻԵԴ-ի հետ հետաքննել հայ գերիներուն նկատմամբ ոտնձգութիւններուն մասին հաղորդումներու իսկութիւնը

Խորապէս մտահոգ ենք հայ գերիներու եւ պահուող անձերու նկատմամբ Ազրպէյճանի կողմէ ոչ մարդկային վերաբերմունքի եւ մարդու իրաւունքներու խախտումներու, որոնց շարքին` տանջանքներու մասին լուրերով

«Ֆրիտըմ Հաուզ» իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը հրապարակած է զեկուցում մը` անդրադառնալով Ազրպէյճանի մէջ պահուող հայ պատերազմական գերիներու նկատմամբ տանջանքներու մասին հաղորդումներուն եւ Ազրպէյճանին կոչ ուղղելով Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին (ՄԻԵԴ) արտօնելու հետաքննութիւն կատարել:

«Ազրպէյճանի մէջ կալանքի տակ պահուող 200 հայերու ճակատագիրը տակաւին անյայտ է, անոնց նկատմամբ նուաստացումներու եւ կտտանքներու մասին հաղորդումները կը շարունակուին, մինչդեռ անոնց վերադարձը որոշուած էր ամիսներ առաջ երկու երկիրներուն միջեւ կնքուած զինադադարով», կը նշուի զեկուցումին մէջ:

«Խորապէս մտահոգ ենք հայ գերիներու եւ պահուող անձերու նկատմամբ Ազրպէյճանի կողմէ ոչ մարդկային վերաբերմունքի եւ մարդու իրաւունքներու խախտումներու, որոնց շարքին` տանջանքներու մասին լուրերով: Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կը յորդորենք ամբողջովին համագործակցիլ Մարդու իրաւունքներու Եւրոպական դատարանին հետ` հետաքննելու համար հայերուն նկատմամբ ոչ մարդկային վերաբերմունքի մասին հաղորդումներու իսկութիւնը` անկախ պահուող անձերու կարգավիճակէն եւ համոզուելու, որ կալանքի տակ գտնուող անձեր կը ստանան անհրաժեշտ պաշտպանութիւն` մարդու իրաւունքներու միջազգային եւ համամարդկային օրէնքի համաձայն, ներառեալ` տանջանքներէ եւ ոչ մարդկային վերաբերմունքներէ:

«Իբրեւ մարդու իրաւունքներու եւրոպական ուխտին միացած երկիր` Ազրպէյճան կը պարտաւորուի ամբողջովին համագործակցիլ դատարանին հետ եւ տրամադրել ամբողջ պահանջուող տեղեկութիւնը` ապահովելու համար թափանցիկ հետաքննութիւն», կը նշուի իրաւապաշտպան կազմակերպութեան Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ ծրագիրներու տնօրէն Մարք Պեհրենտթի յայտարարութեան մէջ:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/05/2021, 08:20