Որոնել

Մանկապարտէզ Մանկապարտէզ 

Մայիս 10-ին Երեւանի մէջ ընթացք պիտի առնէ մանկապարտէզներու ընդունելութիւնը

Այս մասին իր Դիմատետրի էջով յայտնած է Երեւանի քաղաքապետի մամլոյ խօսնակ՝ Յակոբ Կարապետեան:

Առողջապահութեան նախարարի հրամանով վերցուած են մանկապարտէզներու մէջ երեխաներու թիւին ու հեռաւորութեան վերաբերող սահմանափակումները:  Այս մասին իր Դիմատետրի էջով յայտնած է Երեւանի քաղաքապետի մամլոյ խօսնակ՝ Յակոբ Կարապետեան:

Հետեւաբար 10 մայիսին, կը վերսկսի Երեւանի քաղաքապետարանի ենթակայութեամբ գործող մանկապարտէզներու երեխաներու համալրումը/ընդունելութիւնը:

Մանկապարտէզներ կրկին յաճախելու հնարաւորութիւն ունին

ա/ այն երեխաները, որոնք նախապէս յաճախած են համայնքային մանկապարտէզներ, բայց սահմանափակումներու բերումով նախադպրոցական կրթութիւնը ընդհատուած է:

բ/ հիմնանորոգման պատաճառով ժամանակաւորապէս փակուած մանկապարտէզներ յաճախող երեխաները, որոնք ծնողներու համաձայնութեամբ կը համալրեն այլ մանկապարտէզներու խումբերը՝ ըստ հնարաւորութեան:

գ/ հերթագրուած երեխաները:

Քաղուած «Արեւելք» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/05/2021, 08:25