Որոնել

Պատուաստանիւթ Պատուաստանիւթ 

«Քորոնա»ի ընդհանուր իրավիճակը կայուն. Գրանցուած է 356 նոր հիւանդ

Փաստացի այս պահուն բուժում կը ստանայ 10 129 հիւանդ. Մէկ օրուան մէջ նուազած է 699-ով: Վերջին տուեալներով ապաքինուած է 203 307 անձ` վերջին մէկ օրուան մէջ 1034 անձ:

Հայաստանի մէջ 7 մայիսին՝ ժամը 11:00-ի դրութեամբ նոր «Քորոնա» ժահրով վարակուելու 356 նոր դէպք գրանցուած է, վարակուածներու ընդհանուր թիւը հասած է 218 681 դէպքի: Այս մասին յայտնած են ՀՀ ԱՆ հիւանդութիւններու եւ վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնէն:

Ընդհանուր քննութիւններու թիւը կազմած է 1 008 307 վերջին մէկ օրուան մէջ` 3434 նոր քննութիւն:

Փաստացի այս պահուն բուժում կը ստանայ 10 129 հիւանդ. Մէկ օրուան մէջ նուազած է 699-ով:

Վերջին տուեալներով ապաքինուած է 203 307 անձ` վերջին մէկ օրուան մէջ 1034 անձ:

Մէկ օրուան մէջ «Քորոնա» ժահրի հետեւանքով մահացած է 17 քաղաքացի, մահացածներու թիւը 4209 է:

Նախորդ օրն արձանագրուած է մահուան 4 դէպք, երբ հիւանդի մօտ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային վարակ, սակայն մահը վրայ հասած է այլ հիւանդութեան պատճառով: Այդպիսի դէպքերու ընդհանուր թիւը 1036 է:

Քաղուած «Արեւելք»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/05/2021, 09:00