Որոնել

Պաշշար ԱսատՊաշշար Ասատ վերընտրուեցաւ Սուրիոյ Հանրապետութեան նախագահ Պաշշար ԱսատՊաշշար Ասատ վերընտրուեցաւ Սուրիոյ Հանրապետութեան նախագահ 

Քուէներու 95,1 առ հարիւրով Պաշշար Ասատ` Սուրիոյ Նախագահ

Նախագահ Ասատ շեշտեց, որ Սուրիոյ ժողովուրդին վստահութիւնը մեծ պատիւ է իրեն համար` աւելցնելով, թէ այդ վստահութեան եւ յոյսին շնորհիւ Սուրիոյ ապագան բարգաւաճ պիտի ըլլայ:

Հինգշաբթի, 27 մայիս 2021-ին Սուրիոյ խորհրդարանի նախագահ Համուտա Սապպաղ սուրիական լրատուամիջոցներէն սփռուած ուղիղ եթերով պաշտօնապէս յայտարարեց, որ Պաշշար Ասատ վերընտրուեցաւ Սուրիոյ Հանրապետութեան նախագահ` Սուրիոյ ժողովուրդին ձայներուն մեծամասնութեամբ, ստանալով 13.540.860 սուրիացի քաղաքացիի քուէ` 95,1 առ հարիւր տոկոս:

Ուրբաթ, 28 մայիս 2021-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Սուրիոյ վերընտրուած նախագահ Պաշշար Ասատ սուրիական պատկերասփիւռային կայաններէն նախագահական չորրորդ շրջանի անդրանիկ ճառը արտասանեց: Ան ըսաւ. «Սուրիոյ նախագահութեան պաշտօնին վերարժանանալս մեծ պատիւ է ինծի համար, իսկ Սուրիոյ թշնամիներուն` ցնցող պարտութիւն»: Իր խօսքը ուղղելով Սուրիոյ ժողովուրդին` Ասատ նշեց. «Նախորդ օրերուն նախագահական ընտրութիւններուն առիթով ձեր կազմակերպած շէն ձեռնարկները լոկ հանդիսութիւններ չէին, ոչ ալ պարզապէս ձեր հայրենիքին հանդէպ ունեցած սէրը արտայայտելու միջոց® Դուք աննախընթաց մարտահրաւէր կարդացիք հակասուրիական բոլոր կողմերուն եւ քայքայեցիք անոնց կեղծ հպարտութիւնը, շրջեցիք իրենց բոլոր դաւադրական հաշուարկները: Դուք ձեր հարազատ զգացումներով եւ հպարտալի կեցուածքով ձեր հաւատարմութիւնը յայտնեցիք Սուրիոյ եւ ցնցիչ ուղերձ յղեցիք Սուրիոյ դէմ դաւադրական ծրագիրներ մշակող կողմերուն, որոնք վերջապէս պիտի զղջան իրենց սխալ ենթադրութիւններուն եւ Սուրիոյ ժողովուրդին հանդէպ ունեցած թշնամական կեցուածքին համար: Դուք էիք որ յեղափոխութիւն ըրիք այս կեցուածքով ու յամառ աշխատանքով»: Նախագահ Ասատ շեշտեց, որ Սուրիոյ ժողովուրդին վստահութիւնը մեծ պատիւ է իրեն համար` աւելցնելով, թէ այդ վստահութեան եւ յոյսին շնորհիւ Սուրիոյ ապագան բարգաւաճ պիտի ըլլայ: Եզրափակելով իր խօսքը` ան ըսաւ. «Կը վստահեցնեմ ձեզի, որ մենք մեր ազգային այս բարձր ոգիով պարտութեան պիտի մատնենք մեր թշնամիները: Յառաջիկայ փուլը յարատեւ աշխատանքի, պայքարի եւ դիմադրութեան փուլ է, որպէսզի անգամ մը եւս փաստենք մեր թշնամիներուն, որ Սուրիոյ ժողովուրդը իր առօրեայ կենցաղային կարիքներէն զրկելը աւելի կ՛ամրապնդէ անոր հայրենասիրութիւնը: Այս ժողովուրդը երբ հսկայ մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման գտնուի, միշտ իր կեցուածքով կը փաստէ, որ հայրենիքը ամենաթանկն է»:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/05/2021, 09:29