Որոնել

Ազրպէյճանցիները կը խախտեն Հայաստանի պետական սահմանը Ազրպէյճանցիները կը խախտեն Հայաստանի պետական սահմանը 

Ազրպէյճանցիները կը խախտեն Հայաստանի պետական սահմանը` Սիւնիքի Իշխանասար Լերան ուղղութեամբ

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութենէն տեղեկացուցած են, որ հայկական ստորաբաժանումներու ձեռնարկած միջոցառումներէն ետք ազրպէյճանցի զինուորականները դադրեցուցած են այդ աշխատանքները:

Երէկ` չորեքշաբթի, 12 մայիսին, ազրպէյճանական զինուած ուժերը կանուխ առաւօտեան, «սահմաններու ճշգրտման» հիմնաւորումով, փորձած են  որոշակի աշխատանքներ իրականացնել Սիւնիքի սահմանային հատուածներէն մէկուն մէջ:

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութենէն տեղեկացուցած են, որ հայկական ստորաբաժանումներու ձեռնարկած միջոցառումներէն ետք ազրպէյճանցի զինուորականները դադրեցուցած են այդ աշխատանքները: Տեղի ունեցած են բանակցութիւններ` ստեղծուած իրավիճակը հարթելու նպատակով:

«Մամուլի մէջ տարածուող տեղեկութիւնները «Իշխանասարի ուղղութեամբ ընթացող մարտերուն մասին» չեն համապատասխաներ իրականութեան: Նման զարգացումներու պարագային պաշտպանութեան նախարարութիւնը հանդէս պիտի գար յայտարարութեամբ: Կոչ կ՛ուղղենք ձեռնպահ մնալ չճշդուած, աւելին` խուճապ տարածող տեղեկութիւններ հրապարակելէ», նշած են պաշտպանութեան նախարարութենէն:

Նոյն օրը, Գորիսի համայնքապետարանի ներկայացուցիչները ահազանգեցին, որ Սիւնիքի մարզին մէջ Սեւ լիճի տարածքէն ազրպէյճանցիները անցած են Հայաստանի պետական սահմանը, խորացած 3 քիլոմեթր դէպի Վերիշէն բնակավայր:

Համացանցային տարբեր աղբիւրներ տեղեկութիւններ տարածեցին, թէ Իշխանասարի ուղղութեամբ մարտեր ընթացան. Սեւ լիճը Սիւնիքի ու Արցախի սահմանագլուխին` Իշխանասարի լանջին է:

Հայաստանի ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը եւս հերքեց Սիւնիքի մարզին մէջ մարտերու վերաբերեալ զանգուածային լրատուութեան միջոցներով եւ ընկերային ցանցերով տարածուող տեղեկութիւնները:

Միւս կողմէ, Սիւնիքի մարզպետ Մելիքսէթ Պօղոսեան նշեց, որ այս մասին տեղեկութիւններ չունի` ենթադրելով, որ ազրպէյճանցիները ձիւնհալէն ետք կրցած են հասնիլ այդ բարձրադիր գօտին, ուր փորձած են ամրանալ:

Այվազեան–Լաւրով Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

Երէկ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Արա Այվազեան Սիւնիքի մէջ տեղի ունեցածին առնչութեամբ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ, որուն տեղեկացուց Հայաստանի պետական սահմանին վրայ տեղի ունեցած վերջին դէպքին մասին եւ նշեց ազրպէյճանական կողմէն նման սադրանքներու հրահրման անթոյլատրելիութիւնը:

Երկուստեք կարեւոր նկատեցին շրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան շուրջ ձեռքբերուած պայմանաւորուածութիւններու լիարժէք կատարումը եւ իրադրութեան սրումը կանխարգիլող քայլերու համադրումը:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/05/2021, 16:28