Որոնել

Մարոնի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդ Մարոնի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդ 

Մարոնի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդին կոչը կազմելու փլուզումը կասեցնելու կարողութիւնը ունեցող կառավարութիւն։

Մարոնի եպիսկոպոսները խստիւ քննադատեցին նաեւ երկրին արեւելեան եւ հիւսիսային սահմաններէն, ինչպէս նաեւ նաւահանգիստէն ու օդակայանէն գործադրուող թմրեցուցիչի մաքսանենգումը:

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի ընթացիկ նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները:

Ունկնդրէ լուրը

Նիստէն ետք հրապարակուած հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ խորհուրդը շնորհակալութիւն յայտնած է Ֆրանչիսկոս պապին, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի յղած իր պատասխան նամակին մէջ ընդգծած է Լիբանանի մէջ ազգային միասնականութիւնը, համերաշխութիւնը եւ համակեցութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը:

Խորհուրդը անհրաժեշտ նկատեց, որ լիբանանցիները իրենց բոլոր շերտերով կառչած մնան այդ ճշմարտութեան եւ համոզումով պաշտպանեն իրենց ազգային միասնականութիւնը` պատասխանելով բոլոր անոնց, որոնք կը փափաքին քանդել պատգամի երկիր ըլլալու Լիբանանի իւրայատկութիւնը եւ սպառնալ երկրին ճակատագիրին:

«Լիբանանի դիմագրաւած այս վտանգաւոր փուլին ընթացքին, երբ ամբողջ երկիրը քանդուելու վտանգին ու սպառնալիքին դիմաց կը գտնուի, Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը կոչ կ՛ուղղէ քաղաքական ուժերուն իրենց բոլոր հաշիւները մէկդի դնելու եւ հիմնական նպատակ ունենալու կառավարութեան կազմութիւնը: Կոչ կ՛ուղղենք կազմելու կառավարութիւն մը, որ երկրին փլուզումը կասեցնելու կարողութիւն ունի: Պէտք է ընդառաջել լիբանանցիներուն եւ միջազգային ընտանիքին պահանջներուն` նախքան ամբողջ պետութեան կազմաքանդումը», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:

Խորհուրդը կարեւոր նկատեց, որ լիբանանեան պետութիւնը փորձէ լուծումներ գտնել երկրին տնտեսական տագնապին` առանց Կեդրոնական դրամատան պահեստին դպչելու:

Մարոնի եպիսկոպոսները խստիւ քննադատեցին նաեւ երկրին արեւելեան եւ հիւսիսային սահմաններէն, ինչպէս նաեւ նաւահանգիստէն ու օդակայանէն գործադրուող թմրեցուցիչի մաքսանենգումը:

Քաղուած «Ազդակ» էն

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/05/2021, 10:10