Որոնել

Հայաստանի  եւ Ատրպէյճանի սահման Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահման 

Միացեալ Նահանգներ սադրանք կը նկատեն Հայաստանի սահմաններուն մօտ Ազրպէյճանի գործողութիւնները։

«Միացեալ Նահանգներ չարդարացուած ու անպատասխանատու կը նկատեն «վիճելի շրջաններու մէջ» զօրքերու որեւէ տեղաշարժ»

Միացեալ Նահանգներ կ՛ակնկալեն, որ Ազրպէյճան Հայաստանի սահմանէն անմիջապէս ետ քաշէ բոլոր զօրքերը եւ հրաժարի սադրանքներէն: «Սփութնիք Արմենիա» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ժալինա Փորթըր:

«Միացեալ Նահանգներ ուշադիր կը հետեւին Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի սահմանին վրայ տիրող կացութեան եւ չարդարացուած ու անպատասխանատու կը նկատեն «վիճելի շրջաններու մէջ» զօրքերու որեւէ տեղաշարժ», ըսած է Փորթըր` հեռաձայնային մամլոյ ասուլիսի ընթացքին:

Ան շեշտած է, որ սահմանագծման առնչուած բոլոր խնդիրները պէտք է լուծել բացառապէս բանակցութիւններու միջոցով:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/05/2021, 09:24