Որոնել

Հայաստան ստացած է ռուսական «Sputnik-V» պատուաստի 14 000 նմոյշ։ Հայաստան ստացած է ռուսական «Sputnik-V» պատուաստի 14 000 նմոյշ։ 

Հայաստան ստացած է ռուսական «Sputnik-V» պատուաստի 14 000 նմոյշ։

COVID-19-ի դէմ պատուաստումները կը շարունակուին հանրապետութեան ամբողջ տարածքին, առաջնային օղակին մէջ ռիսքի խումբի մէջ գտնուող անձանց համար` շաբթուայ բոլոր օրերուն։

Հայաստան ներկրուած է ռուսական «Sputnik-V» պատուաստանիւթի նոր խմբաքանակ` 14000 անձի համար (առաջին բաղադրիչը): Այս մասին տեղեկացուցած են ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն։

Հանրապետութեան մէջ «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան (COVID-19) համաճարակային իրավիճակի կայունացման նպատակով կը շարունակուի պատուաստանիւթերու նոր խմբաքանակներու ձեռքբերումն ու ներկրումը։

Յիշեցնենք, որ 28 մարտին «COVAX FACILITY» նախաձեռնութեան միջոցով Հայաստան ներկրուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան (COVID-19) դէմ «AstraZeneca» ընկերութեան պատուաստանիւթի առաջին խմբաքանակը` 24 000 դեղաչափ: Իսկ ապրիլ 8-ին ներկրուած է «Sputnik-V» պատուաստանիւթի առաջին խմբաքանակը՝ 15 000 դեղաչափ` 7500 անձի համար։

COVID-19-ի դէմ պատուաստումները կը շարունակուին հանրապետութեան ամբողջ տարածքին, առաջնային օղակին մէջ ռիսքի խումբի մէջ գտնուող անձանց համար` շաբթուայ բոլոր օրերուն։

Ի դէպ, ՀՀ-ի մէջ ինչպէս բոլոր, այնպէս ալ COVID-19-ի դէմ պատուաստումները կ'իրականացուին միայն կամաւորութեան սկզբունքով:

Քաղուած «Արեւելք» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/04/2021, 08:54