Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը այցելեց Եռաբլուր
Գարեգին Բ կաթողիկոսն աղօթք բարձրացուցած է Արցախեան պատերազմներուն զոհուած զինծառայողներու հոգիներու հանգստութեան համար:
Գարեգին Բ Ամենայն հայոց կաթողիկոսը հոգեւոր դասի ուղեկցութեամբ այցելած է «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն: Այնտեղ կաթողիկոսը հոգեհանգիստի կարգ կատարած է՝ յանուն հայրենիքի պաշտպանութեան ինկածներու յիշատակին:
Գարեգին Բ կաթողիկոսն աղօթք բարձրացուցած է Արցախեան պատերազմներուն զոհուած զինծառայողներու հոգիներու հանգստութեան համար:
Կաթողիկոսը նաեւ ծաղիկներ խոնարհած է անոնց շիրիմներուն առաջ:
5 Ապրիլը Սբ Յարութեան տօնին յաջորդող մեռելոց է՝ հանգուցեալներու յիշատակի օրը: Մեռելոցին բոլոր ցանկացողները գերեզմաններ այցի կ'երթան ննջեցեալներուն:
Քաղուած «Արեւելք» էն
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
06/04/2021, 07:41