Որոնել

Աղօթք, մոմ։ Աղօթք, մոմ։ 

Սինայի մէջ սպաննուած է Ղպտի համայնքէն քրիստոնեայ հաւատացեալ մը։

Ոճրագործները Ղպտի հաւատացեալին մահուան տեսերիզը տարածած են ընկերային ցանցերու վրայէն, քննադատելով, որ քրիստոնեայ վաճառականը սպաննած են իր քաղաքին մէջ գտնուող Տիրամօր նուիրուած եկեղեցւոյ կառուցման աշխատանքներուն նպաստելուն յանցանքով։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Սինայի մէջ ՏԱՀԵՇի ձեռքով սպաննուած է 62 տարեկան Ղպտի համայնքի հաւատացեալ, տիար Նապիլ Հապաշի Խատիմը , որ առեւանգուած է անցեալ 8 նոյեմբերին մահմետական ծայրայեղ խմբաւորումի կողմէ։ Լուրը հաղորդեց Ասիա Նիւզը։

Ունկնդրէ լուրը

Ոճրագործները Ղպտի հաւատացեալին մահուան տեսերիզը տարածած են ընկերային ցանցերու վրայէն, քննադատելով, որ քրիստոնեայ վաճառականը սպաննած են իր քաղաքին մէջ գտնուող Տիրամօր նուիրուած եկեղեցւոյ կառուցման աշխատանքներուն նպաստելու յանցանքով։

Եգիպտոսի մէջ Ղպտի եկեղեցւոյ Պատրիարք Թավատրոս Բ, ցաւակցական գիրին մէջ նշեց,ւթէ կը ողբայ հաւատարիմ ծառային կորուստի համար, որ կը գտնուի Քրիստոսի երկնային փառքին մէջ՝ հաւատքը արեամբ վկայելուն համար։

Պատրիարքը Իր ու Ղպտի համայնքի զօրակցութիւնը յայտնած Եգիպտոսի պետութեան ջանքերուն ուղղուած ահաբեկչական ցաւալի գործողութիւններու հակազդեցման։

Նշենք որ Նապիլ Հապաշի Խատիմ կը պատկանէր Ղպտի հին համայնքի ոսկերչութեամբ զբաղող ընտանիքի մը ունէր։ Ան առեւանգուած էր մի քան ամիս առաջ իր տան առջեւ ու անոր հետազօտութիւնները ապարդիւն մնացած են ։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/04/2021, 09:34