Կիպրոսի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը դատապարտած է Թուրքերու կողմէ Կիպրոսի հայկական Եկեղեցւոյ պղծումը
Նիկոսիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ճուտիթ Կարպըր դատապարտած է Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւուած Քիրենիայի մէջ գտնուող հայկական պատմական Մակարավանք եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած թրքական ձեռնարկը: Միացեալ Նահանգներու դեսպանը այս մասին գրած է «Թուիթըր»-ի վրայ:
«Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը խստօրէն կը դատապարտէ Ս. Մակար հայկական վանքի սխալ շահագործումը: Կրօնի ազատութիւնը հիմնարար արժէք է: Մենք կը կրկնենք, որ կրօնական բոլոր աղօթատեղիները` օգտագործուող կամ չօգտագործուող, պաշտպանուած ըլլան չարաշահումներէ, վանտալիզմէ կամ պղծումէ», գրած է դեսպանը:
Թուրք երիտասարդներ անցեալ շաբաթ առանց արտօնութեան ձեռնարկ կատարած էին Կիպրոսի Մակարավանքի բակին մէջ:
Քաղուած «Ազդակ» էն
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ