«Մեծապէս ողջունելի է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի առած իմաստուն ու քաջ քայլը՝ 1915-ին Օսմանեան թուրք պետութեան կողմէ հայ ժողովուրդին դէմ ծրագրուած ու գործադրուած ցեղասպանութիւնը յիշել իր ճշգրիտ, պատմական եւ իրաւական անուանումով՝ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ», հաստատած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա.։