Որոնել

Մեսրոպեան վարժարան Մեսրոպեան վարժարան 

Մեսրոպեանի աշակերտները գրաւեցին առաջին եւ երրորդ դիրքերը Ֆրանսերէնի թարգմանութեան համալիբանանեան մրցոյթին

Մեսրոպեանի աւարտական դասարանի աշակերտուհի Լիզա Հայրապետեան շահեցաւ առաջին մրցանակը` բարձր կարգին մէջ ֆրանսերէն թարգմանութեան համար, իսկ Դաւիթ Տամլաքեանն ու Փերլա Փիւսքիւլեանը գրաւեցին 3-րդ դիրքը` նոյն կարգին մէջ:

Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը հպարտութեամբ կը տեղեկացնէ, որ աւարտական ​​դասարանի 3 աշակերտներ կարեւոր նուաճում մը արձանագրեցին` բարձր դիրքեր գրաւելով թարգմանութեան առցանց սեմինար-մրցոյթին, որուն մասնակցեցան Լիբանանի մէջ CELF եւ LFE կարգի դպրոցները:

Սեմինար-մրցոյթը տեղի ունեցաւ սոյն թուականի Ապրիլ 9-ին, Պէյրութի Թարգմանիչներու եւ Մեկնաբաններու դպրոցին (ETIB) եւ Լիբանանի Ֆրանսական Կաճառին (l’Institut français du Liban, IFL) կազմակերպութեամբ: Թեման էր` «Google Translate-ի մարտահրաւէրները»:

Մեսրոպեանի աւարտական դասարանի աշակերտուհի Լիզա Հայրապետեան շահեցաւ առաջին մրցանակը` բարձր կարգին մէջ ֆրանսերէն թարգմանութեան համար, իսկ Դաւիթ Տամլաքեանն ու Փերլա Փիւսքիւլեանը գրաւեցին 3-րդ դիրքը` նոյն կարգին մէջ:

Մարտահրաւէրը յաջողութեամբ ընդունուած էր մեր աշակերտներուն կողմէ, որուն համար իրենց կը յայտնենք մեր շնորհաւորանքներն ու մեծագոյն գոհունակութիւնը:

Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/04/2021, 18:44