Որոնել

Ասորի եկեղեցւոյ Պատրիարք Աֆրամ Բ. այցելեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին Ասորի եկեղեցւոյ Պատրիարք Աֆրամ Բ. այցելեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին 

Ասորի եկեղեցւոյ Պատրիարք Աֆրամ Բ. այցելեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին

Զատկուան առիթով պատրիարքը իր բարեմաղթութիւնները ներկայացուց վեհափառին, մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին:

Կիրակի, 4 ապրիլ 2021-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց այցելութիւնը Իգնատիոս Աֆրամ Բ. ասորի եկեղեցւոյ պատրիարքին, որուն կ՛ընկերանային Լիբանանի ասորի համայնքի երկու առաջնորդներ եւ այլ հոգեւորականներ: Հանդիպման վեհափառ հայրապետին կողքին  էին Օշական արք. Չոլոյեան, Շահան արք. Սարգիսեան եւ Մակար եպս. Աշգարեան:

Ունկնդրէ լուրը

Եղբայրական մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան երկու եկեղեցիներու առնչուած հարցեր ու յատկապէս Միջին Արեւելքի մէջ անոնց գործակցութիւնը աւելի ծաւալելու, ինչպէս նաեւ շրջանի միւս եկեղեցիներուն հետ կապերը աւելի սերտացնելու կարելիութիւնները:

Զատկուան առիթով պատրիարքը իր բարեմաղթութիւնները ներկայացուց վեհափառին, մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին:

Յայտնենք, որ Սուրբ Յարութեան տօնին առիթով Արամ Ա. շնորհաւորական նամակներ ստացաւ Ֆրանսիս պապէն, կաթողիկէ, ուղղափառ եւ աւետարանական եկեղեցիներու հոգեւոր պետերէ, ինչպէս նաեւ զանազան երկիրներու դեսպաններէ:

Քաղուած «Ազդակ»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/04/2021, 09:27