Որոնել

տարրալուծարան տարրալուծարան 

Առողջապահութեան միջազգային գործակալութիւնը (WHO) յայտնած է «Քովիտ»ի ծագման ամենահաւանական վարկածին մասին

Մասնագէտները «Քորոնա» ժահրի ծագման 4 տարբերակ թուարկած են՝ ըստ հաւանականութեան հերթականութեան։

COVID-19-ի ծագման ամենահաւանական վարկածը ժահրի փոխանցումն է մարդուն չղջիկներէն՝ մէկ այլ կենդանիի միջոցով։ Իսկ «Քորոնա» ժահրի տարրալուծարանէ ծագման տարբերակը չափազանց անհաւանական է։ Այս մասին կը վկայէ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակեպութեան փորձագէտներու եւ չինացի մասնագէտներու համատեղ զեկոյցը, որ հրապարակումէն օրեր առաջ յայտնուած է Associated Press գործակալութեան տիրապետութեան տակ։

Ունկնդրէ լուրը

Մասնագէտները «Քորոնա» ժահրի ծագման 4 տարբերակ թուարկած են՝ ըստ հաւանականութեան հերթականութեան։ Անոնք եկած են այն եզրակացութեան, որ ժահրի փոխանցումը երկրորդ կենդանիի միջոցով բաւական հաւանական է։ Չղջիկներէն մարդուն ուղիղ փոխանցման տարբերակը փորձագէտները համարած են հնարաւոր տարբերակ, իսկ ժահրի տարածումը սառեցուած սննդամթերքի միջոցով, փորձագէտներու կարծիքով, հնարաւոր է, բայց քիչ հաւանական։ Այս տարբերակի միջոցով ժահրը կարող է հասնիլ հեռաւոր վայրեր, սակայն, ըստ մասնագէտներուն, այդ չէր կրնար ժահրի բռնկման պատճառ դառնալ։

COVID-19-ը առաջացնող ժահրի ամենամօտ տարբերակը յայտնաբերուած է չղջիկներուն մօտ, որոնք յայտնի են որպէս «Քորոնա» ժահրի կրողներ։ Այնուամենայնիւ, զեկոյցի սեւագիր տարբերակով նշուած է, որ «չղջիկներու մօտ յայտնաբերուած ժահրերու եւ SARS-CoV-2-ի միջեւ զարգացման տարածութիւնը կը կազմէր քանի մը տասնամեակ, ինչ որ կը վկայէ պակսող օղակի մասին»։

Զեկոյցին մէջ նշուած է, որ COVID-19-ին շատ նման ժահրեր յայտնաբերուած են նաեւ թեփամողէզներու մօտ՝ շեշտելով, որ ջրաղուէսները եւ կատուները նոյնպէս խոցելի են COVID ժահրի նկատմամբ, ինչ որ կ'ենթադրէ, որ անոնք կրնային ըլլալ ժահրի կրողներ։

Քաղուած «Արեւեք»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/03/2021, 07:55