2008 մարտ 1-ին տեղի ունեցած դէպքերը ցաւ են բոլորիս համար. ՀՀ նախագահ
2008 թուականի Մարտ 1-ին տեղի ունեցած դէպքերը, որոնց հետեւանքով ունեցանք անմեղ զոհեր, ցաւ են բոլորիս համար:
Քաղաքական պայքարը պէտք չէ դուրս գայ օրինականութեան շրջանակէն, պէտք չէ տանի ցնցումներու եւ անկայունութեան, հակասութիւնները պէտք չէ վերածուին անհանդուրժողականութեան, փոխադարձ ատելութեան մթնոլորտի, առաւել եւս՝ առճակատման եւ պառակտման:
Ես կրկին բոլորին կոչ կ՝ընեմ հանդուրժողականութեան եւ համերաշխութեան:
Մենք միասնութեա՛ն եւ համերաշխութեա՛ն կարիք ունինք:
Յատկապէս այսօր համախմբուածութիւնը եւ հանդուրժողականութիւնը կենսական են մեր պետութեան ու ժողովուրդի համար:
Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի անունով այսօր առաւօտեան ծաղիկներ դրուած են Միասնիկեանի արձանին մօտ՝ յարգանքի տուրք մատուցուած՝ 2008թ. Մարտ 1-ի ողբերգական դէպքերու զոհերու յիշատակին:
Քաղուած «Եռագոյն»էն