Որոնել

Մարոնի եպիսկոպոսներու ժողովը Մարոնի եպիսկոպոսներու ժողովը 

Մարոնի Եպիսկոպոսներու խորհուրդը կոչ կ՛ուղղէ միջազգային դատական ատեանին հետ գործակցելու` Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին գծով

Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը կոչ ուղղեց կազմելու մասնագէտներէ բաղկացած կառավարութիւն մը, որ կարողութիւն ունենայ դիմագրաւելու երկրին դէմ ծառացող տագնապները:

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի ընթացիկ նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները:

Նիստէն ետք հրապարակուած հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ խորհուրդը բարձր կը գնահատէ շաբաթ, 27 փետրուար 2021-ին Պքերքէի մէջ տեղի ունեցած ազգային կարեւոր իրադարձութիւնը, որուն ընթացքին հազարաւոր լիբանանցիներ` բոլոր համայնքներէն, կուսակցութիւններէն ու յարանուանութիւններէն, ուղղուեցան հոն: Խորհուրդը զօրակցութիւն յայտնեց Ռայի պատրիարքին յայտարարած չէզոքութեան կեցուածքին, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի հովանաւորութեամբ Լիբանանի յատուկ միջազգային խորհրդաժողովի մը կազմակերպումին:

Խորհուրդը նաեւ հաստատեց, որ Ռայի պատրիարքը իր կեցուածքը յստակօրէն եւ իրապաշտ մօտեցումով կրցած է բացատրել լիբանանեան հանրութեան, որովհետեւ անոր նպատակն է Լիբանանը փրկել քաղաքական, տնտեսական եւ ելեւմական իր փլուզումէն:

Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը կոչ ուղղեց կազմելու մասնագէտներէ բաղկացած կառավարութիւն մը, որ կարողութիւն ունենայ դիմագրաւելու երկրին դէմ ծառացող տագնապները:

Խորհուրդը կոչ ուղղեց Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին գծով միջազգային դատական ատեանին հետ գործակցելու` նկատի ունենալով մարդկութեան դէմ գործուած այդ ոճիրին ճիւղաւորումները:

Քաղուած «Ազդակ»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/03/2021, 08:20