Որոնել

Հազարաւոր Լիբանանցիներ ուղղուեցան Պքերքէ` Ռայի Պատրիրաքին կեցուածքներուն զօրակցելու Հազարաւոր Լիբանանցիներ ուղղուեցան Պքերքէ` Ռայի Պատրիրաքին կեցուածքներուն զօրակցելու 

Հազարաւոր Լիբանանցիներ ուղղուեցան Պքերքէ` Ռայի Պատրիրաքին կեցուածքներուն զօրակցելու

Ռայի պատրիարքը դիմաւորեց Պքերքէի շրջափակին մէջ հաւաքուած հազարաւորները` իսլամ եւ քրիստոնեայ, որոնց կոչ ուղղեց լուռ չմնալու` դատական իշխանութիւններուն գործունէութիւնը քաղաքականացնելու, ապօրինի զէնքին, տեղահանուած սուրիացիները բնակեցնելու, ազգային որոշումը գրաւելու, այս կամ այն առանցքին նուիրուելու, փտածութեան, պահ դրուած դրամ ձեր գումարները գողնալու եւ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթի արգելակումին առնչութեամբ:

Շաբաթ կէսօրէ ետք լիբանանեան տարբեր շրջաններու մէջ հաւաքուած հազարաւոր քաղաքացիներ ուղղուեցան Պքերքէ` զօրակցութիւն յայտնելու համար մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին կեցուածքներուն:

Ռայի պատրիարքը դիմաւորեց Պքերքէի շրջափակին մէջ հաւաքուած հազարաւորները` իսլամ եւ քրիստոնեայ, որոնց կոչ ուղղեց լուռ չմնալու` դատական իշխանութիւններուն գործունէութիւնը քաղաքականացնելու, ապօրինի զէնքին, տեղահանուած սուրիացիները բնակեցնելու, ազգային որոշումը գրաւելու, այս կամ այն առանցքին նուիրուելու, փտածութեան, պահ դրուած դրամ ձեր գումարները գողնալու եւ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթի արգելակումին առնչութեամբ:

Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ իր չէզոք կեցուածքէն դուրս գալը պատճառ դարձած է, որ Լիբանան պատերազմներու մէջ յայտնուի` աւելցնելով, որ լիբանանցիներէն ոմանց կողմէ այս կամ այն առանցքին ուղղութեամբ թեքումը պատճառ կը դառնայ ժողովուրդին երկփեղկումին:

«Լիբանանի համար միջազգային խորհրդաժողով պահանջեցինք, որովհետեւ վստահ եղանք, որ ներկայացուած բոլոր առաջարկները մերժուած են, որպէսզի քաոսը յամենայ եւ պետութիւնը քանդուի: Միջազգային այդ խորհրդաժողովէն կը պահանջենք մշակել ծրագիր մը` արգիլելու համար Լիբանանի մէջ պաղեստինցի գաղթականներուն բնակեցումը եւ սուրիացի տեղահանուածները վերադարձնելու իրենց հայրենիքը», ըսաւ ան:

Ռայի պատրիարքը ընդգծեց, որ Լիբանանի դերակատարութիւնն ու ինքնութիւնը կարելի չէ այլակերպել եւ կեղծել` աւելցնելով, որ լիբանանցիին իրաւունքն է արժանապատիւ կեանք մը ապրիլ իր հայրենիքին մէջ:

«Դիմադրութեան շարժումներուն մեծութիւնը այն է, որ անոնք երկիրներու պետականութեան եւ օրինականութեան մաս կազմեն, հետեւաբար հարց կու տամ, թէ մեր պետութիւնը ո՞ւր է այս մեծութեան քով», հարց տուաւ ան` աւելցնելով, որ նոյն երկրին ու նոյն հողին վրայ կարելի չէ երկու պետութիւն կամ պետութիւններ ունենալ, ինչպէս որ մէկ պետութեան մէջ կարելի չէ երկու բանակ կամ բանակներ ունենալ:

Հաւաքին ներկայացողները բարձրացուցին «Պքերքէ` ամբողջ Լիբանանին», «Գերիշխանութիւն, ազատութիւն, անկախութիւն», եւ «Լիբանան` առաջինը եւ վերջինը», կարգախօսները: Պէտք է աւելցնել, որ հաւաքին ընթացքին հնչեցին կուսակցական եւ Հըզպալլայի դէմ կարգախօսներ:

Երէկ Պքերքէի մէջ մատուցուած Ս. պատարագին ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ նախանցեալ օր 15 հազար մարդ զօրակցած է միջազգային ընտանիքէն Լիբանանի օժանդակութիւն խնդրելու Պքերքէի պահանջին:

Ան շեշտեց, որ միջազգային ընտանիքէն խնդրուած այդ զօրակցութեան նպատակն է Լիբանանը պահել քաղաքակրթութիւններու հանդիպման վայր, ազգային համերաշխութեան երկիր, ուր իսլամ եւ քրիստոնեայ համայնքները իրարու հանդէպ յարգանքով կ՛ապրին` խաղաղ, բարեկամական եւ Արեւելքին ու Արեւմուտքին հանդէպ բաց պայմաններու մէջ:

Ռայի պատրիրաքը շեշտեց, որ չէզոքութիւնը Լիբանանը կրնայ հեռու պահել պատերազմներէն եւ ճգնաժամերէն, ինչպէս նաեւ Լիբանանը կարող կը դարձնէ` ամրապնդելու իր գերիշխանութիւնը, իր ուրոյն զինուորական ուժով:

Նշենք, որ Ռայի պատրիարքին կեցուածքներուն զօրակցեցան Մուսթաքպալ պլոքի երեսփոխան Հատի Հըպէյշ, Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Սամի Ժեմայէլ, որ Ռայի պատրիարքին խօսքը նկատեց պատմական ճառ մը, նախկին երեսփոխան Նետիմ Ժեմայէլ, Անկախութեան շարժումի նախագահ Միշել Մուաուատ, նախկին նախարար Խալիլ Հըրաուի եւ ուրիշներ:

Հզօր Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ասաատ Տըրղամ ընդգծեց, որ այս փուլին կարելի է միայն զօրակցիլ Ռայի պատրիարքի դրսեւորած ազգային կեցուածքներուն:

Իր կարգին, Հզօր հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Ֆատի Սաատ յայտնեց, որ իրենք միշտ Հըզպալլային առաջարկած են որդեգրել Լիբանանի չէզոքութիւնը եւ Լիբանանը ապազինել:

Միւս կողմէ, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդը շաբաթ օր իր գումարած նիստին ընթացքին հաստատեց, որ կը բաժնէ Ռայի պատրիարքին մտավախութիւնները` Լիբանանի գոյութեան պահպանումին առումով` հաստատելով սակայն, որ Ռայի պատրիարքին հետ իրենց յարաբերութիւնը ցնցումի ենթարկել փորձողները ձախող դուրս պիտի գան:

Ղովմի կուսակցութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ հաստատուեցաւ, որ Ռայի պատրիարքին խօսքը հակասութիւններով լեցուն էր:

Երեսփոխան Ալի Տարուիշ յայտնեց, որ Ռայի պատրիարքին կեցուածքները խոր քննարկումի կարիք ունին, որպէսզի անոնց շուրջ կարելի ըլլայ համախոհութիւն գոյացնել:

Միւֆթի շէյխ Ահմետ Քապալան հաստատեց, որ իսրայէլեան բռնագրաւումին եւ ՏԱՀԵՇ-ի սպառնացած ահաբեկչութեան վտանգի ժամանակաշրջանին չէզոքութիւնը ազգային կեցուածք չէ, այլ կը շարունակէ դաւաճանութիւն նկատուիլ:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/03/2021, 08:13