Յանձնառու ենք աջակցելու կողմերուն` Հասնելու Արցախի տագնապի երկարատեւ լուծման. Պայտըն
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն յայտարարեց, որ Ուաշինկթըն պատրաստ է աջակցելու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հաշտեցման հոլովոյթին: «Սփութնիք Ազրպէյճան»ը կը հաղորդէ, որ Սպիտակ տան ղեկավարը այս մասին յայտարարեց` Նովրուզի առիթով Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին իր ուղղած շնորհաւորագիրին մէջ:
«Իբրեւ ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիր` մենք կը ջանանք Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի կայուն խաղաղ լուծման հասնելուն եւ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ հաշտեցման հոլովոյթին աջակցելուն` յանուն բարգաւաճ եւ խաղաղ ապագայի: Մենք նաեւ կ՛աջակցինք Կասպից ծովու տնտեսութեան զարգացման եւ ուժանիւթային կարելիութիւններու զարգացման ուղղութեամբ ձեր ջանքերուն», գրած է Պայտըն:
Ան կը նշէ, որ իր վարչակազմը Ատրպէյճանի հետ պիտի աշխատի` ապահովութեան եւ շրջանային հաշտութեան ընդհանուր հարցերու լուծման համար, աւելցնելով, որ կը փափաքի ուսումնասիրել տնտեսական համագործակցութեան նոր կարելիութիւններ:
Քաղուած «Ասպարէզ»էն
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ