Վատիկան Նիուզ
«Մեր ժամանակուայ մարտահրաւէրները, հրատապ հարցերը, որոնց պէտք է պատասխան մը տալ, եկեղեցւոյ առաքելութիւնը՝ նկարագրուած առաւելապէս խոցելիներու նկատմամբ հայեացքի մէջ, նկատմամբ գաղթականներուն ու նաեւ անոնց որոնք կը տառապին անարդարութիւններուն համար»։ Այս է հակիրճ բառերով «Ֆրանչեսքօ» Ֆիլմին պարունակութիւնը, որ լոյս տեսաւ անցեալ հոկտեմբերին եւ զոր Discovery+ կայանը որոշած է ներկայացնել Սուրբ Զատկուայ տօնին առիթով։
Ֆիլմին հեղինակ` Էվկէնի Աֆինեվսքիի տարբեր անձնաւորութիւններու հետ ունեցած հարցազրոյցներու ընդմէջէն, որոնց շարքին նոյնինք Քահանայապետը եւ Պենետիկտոս ԺԶ Պապը, կը ներկայացնէ Ֆրանչիսկոս Պապին Քահանայապետութիւնը ու այդ քահանայապետութեան հայեացքը այսօրուայ աշխարհի իրականութեան վրայ։
Ֆիլմին մէջ կը խօսուի Սուրիոյ եւ Ուկրանիոյ պատերազմի մասին, Ռոհինճաներու դէմ մղուած հալածանքներու մասին եւ ժամանակակից աշխարհը յուզող տարբեր եւ այլազան նիւթերու մասին։ Ֆիլմին հեղինակը առիթը ունեցաւ նաեւ այցելելու Հայաստանը ու այնտեղ եւս իրականացնելու վաւերագրական Ֆիլմին մէջ ցուցադրուած հարցազրոյցներ անդրադառնալով նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան մասին։