Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի փոխվարչապետներու ժողովը
Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի փոխվարչապետներ Մհեր Գրիգորեան, Ալեքսէյ Օվերչուք եւ Շահին Մուսթաֆա շաբաթ, 30 յունուարին Մոսկուայի մէջ գումարած են եռակողմ աշխատանքային խումբի առաջին նիստը: Այս մասին կը հաղորդէ «Սփութնիք Արմենիան»` յղում կատարելով Ռուսիոյ կառավարութեան մամլոյ ծառայութեան:
Նիստի ընթացքին քննարկուած են Ազրպէյճանի նախագահի, Հայաստանի վարչապետի եւ Ռուսիոյ նախագահի 9 նոյեմբեր 2020-ի յայտարարութեան 9-րդ կէտի գործադրումէն բխող միացեալ աշխատանքի հիմնական ուղղութիւնները, ինչպէս նաեւ 11 յունուար 2021-ի յայտարարութեան 2-րդ, 3-րդ եւ 4-րդ կէտերը:
Կողմերը համաձայնած են ստեղծել հետեւեալ փորձագիտական ենթախումբերը.
– Երկաթուղային, ինքնաշարժային եւ համակցուած փոխադրումներու գծով,
– Փոխադրումներու ապահովման հարցերով, ներառեալ` անվտանգութեան, սահմանային, մաքսային, առողջապահական, անասնաբուժական, բուսա-առողջապահական եւ վերահսկողութեան այլ ձեւեր:
Բացի ատկէ, կողմերը համաձայնած են միչեւ 2 փետրուար աւարտել փորձագիտական ենթախումբերու ձեւաւորումը եւ մինչեւ 5 փետրուար կատարել անոնց առաջին նիստերը:
Եռակողմանի աշխատանքային խումբի յաջորդ նիստը որոշուած է կատարել Մոսկուայի մէջ: Համանախագահները հանդիպումի օրուան շուրջ պիտի համաձայնին աշխատանքային կարգով:
Քաղուած «Ազդակ» էն