Որոնել

Արցախի պատերազմէն լուսանկար Արցախի պատերազմէն լուսանկար 

ՄԱԿ-ը 2 միլիոն եւրոյի աջակցութիւն տրամադրեց Արցախի պատերազմէն տուժածներուն

ՄԱԿ-ի հայաստանեան ներկայացուցչութեան պաշտօնական կայքին համաձայն, այս միջոցները պիտի տրամադրուին տեղահանուած արցախցիներուն եւ զանոնք ընդունող համայնքներու առաջնային կարիքներու բարելաւման:
Ունկնդրէ լուրը

ՄԱԿ-ը 2 միլիոն տոլարի չափով ֆինանսական օգնութիւն տրամադրեց Լեռնային Ղարաբաղի մէջ եւ անոր մերձակայքը վերջերս տեղի ունեցած պատերազմական գործողութիւններուն պատճառով Հայաստան ապաստանած մարդոց կենսական նշանակութիւն ունեցող մարդասիրական աջակցութիւն հասցնելու համար:

ՄԱԿ-ի հայաստանեան ներկայացուցչութեան պաշտօնական կայքին համաձայն, այս միջոցները պիտի տրամադրուին տեղահանուած արցախցիներուն եւ զանոնք ընդունող համայնքներու առաջնային կարիքներու բարելաւման: Պատերազմին եւ 9 նոյեմբերի յայտարարութեան իբրեւ հետեւանք աւելի քան 90 հազար անձեր, հիմնականին մէջ կիներ եւ երեխաներ փոխադրուած են Հայաստան:

Քաղուած «Ազդակ»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/02/2021, 07:58