Հինգ շաբաթ անընդմէջ աշխարհի վրայ «Քորոնա» ժահրով վարակումները կը նուազին: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան ընդհանուր տնօրէն Թետրոս Ատհանոմ Կեպրէյեսուս:
«Արդէն հինգերորդ շաբաթն է, որ ամբողջ աշխարհի վրայ «Քորոնա»-ի պարագաներու մասին հաղորդումները կը նուազին», նշած է ան:
Կեպրէյեսուսի համաձայն, 35 օրուան մէջ շաբաթական արձանագրուող նոր վարակումներու թիւը գրեթէ կրկնակի կրճատուած է:
Քաղուած «Ազդակ»էն