Հայաստանի մէջ հաստատուած է Քորոնավիրուսի 62 նոր դէպք։
Մինչեւ օրս հաստատուած են քորոնավիրուսային հիւանդութեան ընդհանուր 167088 դէպք, որոնցմէ 157800-ն` առողջացած, 3084-ը` մահուան ելքով:
Փետրուարի 1-ի ժամը 11:00-ի դրութեամբ Հայաստանի տարածքին հաստատուած է քորոնավիրուսային հիւանդութեան 62 նոր դէպք, առողջացած են 281 քաղաքացիներ, մահացած՝ 4-ը:
Հիւանդութեան նոր դէպքերու փոքր թիւը պայմանաւորուած է շաբաթ-կիրակի օրերու ընթացքին կատարուած նուազ ախտաքննութիւններէ։
Մէկ օրուան մէջ կատարուած են 1473 ախտաքննութիւններ: Քննութիւններու ընդհանուր թիւն այսպիսով հասած է 649993-ի:
Մինչեւ օրս ըստ ՀՀ ԱՆ հիւանդութիւններու վերահսկման և կանխարգիլման ազգային կենտրոնի հաստատուած են քորոնավիրուսային հիւանդութեան ընդհանուր 167088 դէպք, որոնցմէ 157800-ն` առողջացած, 3084-ը` մահուան ելքով: Քորոնավիրուսային հիւանդութեամբ այս պահին փաստացի բուժում կը ստանան 5435 հիւանդ:
Աղբիւր՝ «Արմենփրէս»
01/02/2021, 11:03