Որոնել

Գերիներու անյապաղ վերադարձի հարցը ներկայացուեցաւ Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչին Գերիներու անյապաղ վերադարձի հարցը ներկայացուեցաւ Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչին 

Գերիներու անյապաղ վերադարձի հարցը ներկայացուեցաւ Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչին

Արման Թաթոյեան լուսարձակի տակ առաւ Ազրպէյճանի մէջ պահուող հայկական կողմի գերիներու` զինուորական ծառայողներու եւ քաղաքացիական անձերու վերադարձի հրատապութեան հարցը:

Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեան 23 Փետրուարին ընդունեց Հարաւային Կովկասի մէջ եւ ճգնաժամի հարցերու Վրաստանի մօտ Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյուօ Քլաարի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Հանդիպումին մասնակցեցաւ նաեւ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավար, Եւրոպական Միութեան դեսպան Անտրէա Վիքթորի:

Արման Թաթոյեան լուսարձակի տակ առաւ Ազրպէյճանի մէջ պահուող հայկական կողմի գերիներու` զինուորական ծառայողներու եւ քաղաքացիական անձերու վերադարձի հրատապութեան հարցը:

Ան նշեց, որ ազրպէյճանական իշխանութիւնները արհեստական կերպով կը ձգձգեն, կը քաղաքականացնեն գործընթացը` հայ հասարակութեան եւ յատկապէս գերիներու ընտանիքներուն հոգեկան տառապանքներ պատճառելու ու երկրին մէջ լարուածութիւն յառաջացնելու նպատակով:

Պաշտպանը ներկայացուց յետ-պատերազմեան ժամանակաշրջանին մարդու իրաւունքներու լուրջ հարցերը, որոնք ծագած են Ազրպէյճանի կողմէ Հայաստանի բնակչութեան ուղղուած պատերազմի բացայայտ սպառնալիքներուն տակ, անթոյլատրելի արագութեամբ ընթացող սահմաններու որոշման գործընթացին պատճառով:

Արման Թաթոյեան ընդգծեց, որ ոչ միայն չեն դադրած, այլ նաեւ նոր զարգացումներ ստացած են Ազրպէյճանի մէջ հայատեացութիւնը եւ թշնամանքի հրահրումը:

Եւրոպական Միութեան պատուիրակութիւնը իր կարգին ընդգծեց Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպանին դերը մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցերուն մէջ եւ լուսարձակի տակ առաւ պաշտպանին հետ համագործակցութեան կարեւորութիւնը:

Քաղուած «Եռագոյն» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/02/2021, 07:33