Որոնել

Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութեան շէնքը Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութեան շէնքը 

Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութիւնը կը յայտարարէ. «Մարդկութիւնը տակաւին երկար տարիներ պիտի պայքարի համաճարակի դէմ»

«Հակառակ «Քորոնա»-ի դէմ պայքարին մէջ յառաջընթացին, բայց եւ այնպէս, մեծ թիւով գործօններ կան, որոնք ցոյց կու տան, որ համաճարակի յաղթահարումը դիւրին պիտի չըլլայ»,
Ունկնդրէ լուրը

Մարդկութիւնը տակաւին երկար տարիներ պիտի պայքարի համաճարակին դէմ: «Ի.Էյ.Տէյլի» կայքը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան առողջապահութեան ոլորտին մէջ արտակարգ իրավիճակներու ծրագիրի տնօրէն Մայքըլ Ռայըն:

«Հակառակ «Քորոնա»-ի դէմ պայքարին մէջ յառաջընթացին, բայց եւ այնպէս, մեծ թիւով գործօններ կան, որոնք ցոյց կու տան, որ համաճարակի յաղթահարումը դիւրին պիտի չըլլայ», ըսած է Ռայըն մամլոյ ասուլիսի ընթացքին:

Ան բացատրած է, որ այսօր ամբողջ աշխարհին մէջ մարդիկ կը վարակուին նոր «Քորոնա» ժահրով: Ամէն տեղ չէ, որ կարելի կ՛ըլլայ կանխարգիլել ժահրի տարածումը, իսկ արտադրուած պատուաստանիւթերու քանակը բաւարար չէ համաճարակէն մէկ անգամէն ազատելու համար:

Միեւնոյն ժամանակ, փորձագէտը նշած է, որ հիւանդութեան դէմ պայքարին ուղղուած բոլոր միջոցներն ու ջանքերը ապարդիւն չեն, որովհետեւ անոնք ամէն օր կ՛օգնեն նուազեցնելու «Քորոնա» ժահրէն մահերու թիւը եւ նոր հիւանդներու քանակը:

Ռայըն նաեւ աւելցուցած է, որ մարդկութեան պատմութեան մէջ արդէն պատահած է, որ համաճարակները ձեռք բերած են տեղական բնոյթ եւ տեւած են երկար տարիներ: Նման բեմագրութեամբ, անոր կարծիքով, երիտասարդ սերունդը պիտի յայտնուի հարուածի տակ, որովհետեւ տարիներու ընթացքին մեծահասակներու մօտ հիւանդութեան նկատմամբ դիմադրողականութիւն կը զարգանայ:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/01/2021, 13:55