Հայաստանի եւ Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնները կ՛ողջունեն Եւրոպական Խորհրդարանի բանաձեւերը
Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը մեկնաբանութիւն տարածեց 20 յունուարին Եւրոպական խորհրդարանին կողմէ «Ընդհանուր արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան» եւ «Ընդհանուր անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան քաղաքականութեան» շուրջ բանաձեւերու-տարեկան հաշուետուութիւններու ընդունման վերաբերեալ` գոհունակութիւն յայտնելով Եւրոպական խորհրդարանին կողմէ ազրպէյճանական-ղարաբաղեան տագնապին շուրջ արտայայտուած դիրքորոշման վերաբերեալ: Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ մասնաւորապէս կը նշուի.
«Կիսում ենք Եւրոպական խորհրդարանի գնահատականները` Ազրպէյճանի կողմից ռազմական ուժի կիրառման հետեւանքով տեղի ունեցած իրադարձութիւնների, ինչպէս նաեւ ստեղծուած իրավիճակից դուրս գալու ուղիների վերաբերեալ: Մասնաւորապէս` հարկ ենք համարում յատուկ ընդգծել Եւրոպական խորհրդարանի տեսակէտը` Լեռնային Ղարաբաղում հայ բնակչութեան անվտանգութեան ապահովման, հայկական մշակութային ժառանգութեան պահպանման, իրենց նախկին բնակութեան վայրեր տեղահանուած անձանց եւ փախստականների անվտանգ վերադարձի, ռազմագերիների եւ զոհուածների մարմինների` առանց յապաղելու փոխանակման անհրաժեշտութեան վերաբերեալ:
Կարեւորում ենք բոլոր ենթադրեալ պատերազմական յանցագործութիւնները պատշաճ կերպով հետաքննելու եւ մեղաւորներին պատասխանատուութեան ենթարկելու անհրաժեշտութիւնը: Յատկանշական է, որ Եւրոպական խորհրդարանը նաեւ առանձին կոչ է արել միջազգային հետաքննութիւն անցկացնել օտարերկրեայ զինեալների, ահաբեկիչների ենթադրեալ ներկայութեան եւ տարանջատուող զինամթերքի ու ֆոսֆորային ռումբերի օգտագործման վերաբերեալ:
Ողջունում ենք Եւրոպական խորհրդարանի աջակցութիւնը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբի համանախագահութեան ջանքերին` միջազգային միջնորդների առաջարկած հիմնարար սկզբունքների հիման վրայ հակամարտութեան համապարփակ կարգաւորման ուղղութեամբ:
Միանում ենք Եւրոպական խորհրդարանի կողմից Թուրքիայի ապակայունացնող դերի դատապարտմանը, որը փորձում է խափանել ԵԱՀԿ Մինսքի խմբի ջանքերը` յանուն հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացում առաւել որոշիչ դեր խաղալու իր ձգտումների:
Կիսում ենք Եւրոպական խորհրդարանի տեսակէտն առ այն, որ տեւական կարգաւորում դեռեւս չի գտնուել: Համոզուած ենք, որ ազրպէյճանական-ղարաբաղեան հակամարտութեան համապարփակ եւ արդարացի կարգաւորման կարելի է հասնել Արցախի ժողովրդի կողմից իրացուած ինքնորոշման իրաւունքի ճանաչման եւ Արցախի Հանրապետութեան տարածքների ապաբռնագրաւման հիման վրայ»:
Միւս կողմէ, Մեկնաբանելով Եւրոպական խորհրդարանին կողմէ տագնապին վերաբերեալ արտայայտուած դիրքորոշումը` Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Աննա Նաղդալեան ըսած է. «Եւրոպական խորհրդարանին կողմէ ընդունուած զեկուցում-բանաձեւերուն մէջ ամրագրուած են բազմաթիւ կարեւոր դրոյթներ, որոնք կը վերաբերին Արցախի դէմ ազրպէյճանական յարձակողապաշտութեան եւ անոր մէջ Թուրքիոյ ներգրաւուածութեան, իրականացուած պատերազմական յանցագործութիւններուն, յանձակումի հետեւանքներու վերացման ուղղութեամբ ձեռնարկուելիք քայլերուն, յատկապէս` մարդկային, մարդասիրական հարցերու շուրջ: Առանձնապէս կարեւոր կը նկատենք, որ Եւրոպական խորհրդարանը ո՛չ միայն դատապարտեց պատերազմական յանցագործութիւնները, այդ կարգին քաղաքացիական բնակչութեան եւ ենթակառուցուածքներու, պաշտամունքի վայրերու թիրախաւորումը, այլեւ ընդգծեց, որ այդ յանցագործութիւնները պէտք չէ անպատիժ մնան»:
Քաղուած «Ազդակ» էն