Դեղերու եւրոպական գործակալութիւն (EMA) թոյլատրած է Եւրոպական Միութեան տարածքին հայազգի գործարար՝ Նուպար Աֆէյանի «Մոտէրնա» ընկերութեան կողմէ մշակուած «Քորոնա» ժահրի դէմ պատուաստի օգտագործումը, կը հաղորդէ CNBC-ն։
«Այս երկրորդ պատուաստն է, որ հաստատուած է EMA-ի կողմէ»,- ըսուած է փաստաթուղթին մէջ, ուր նաեւ նշուած է, որ խորհուրդ կը տրուի պատուաստը օգտագործել 18-էն մեծ անձանց։
Դեղերու եւրոպական գործակալութեան գործադիր տնօրէն՝ Էմըր Քուքի խօսքով՝ «ընթացիկ արտակարգ իրավիճակը յաղթահարելու համար պատուաստը յաւելեալ գործիք կը հանդիսանայ»։
Ան նաեւ նշած է, որ գործակալութիւնը կը շարունակէ հետեւիլ ԵՄ-ի բնակիչներու անվտանգութեան եւ պատուաստի արդիւնաւէտութեան մասին տուեալներուն:
Յիշեցնենք, որ աւելի վաղ, ԱՄՆ-ի Սննդամթերքի եւ դեղամիջոցներու վերահսկման վարչութիւնը հաւանութեան արժանացուցած էր Modernа ընկերութեան պատուաստը, որ երկրորդն է կիրառման թոյլտւութիւն ստացածներու շարքին: Ամերիկեան վերահսկիչ մարմինը հաստատած էր նաեւ ամերիկեան Pfizer Inc եւ գերմանական BioNTech SE ընկերութիւններու համատեղ արտադրանքը:
ԱՄՆ-ի մէջ «Մոտէրնա» ընկերութեան ստեղծած պատուաստով «Քորոնա» ժահրի դէմ պատուաստման գործընթացքը սկիզբ առած էր նախորդ ամիս։
Քաղուած «Արեւելք»էն