Որոնել

Հենրիխ Մխիթարեան Հենրիխ Մխիթարեան 

Հենրիխ Մխիթարեանը անդրադարձած է հայ ռազմագերիներու հարցին

Արցախի մէջ պատերազմը կը շարունակուի 30 տարի, սակայն շատ երկիրներ կը նախընտրեն անտեսել այդ բախումը
Ունկնդրէ լուրը

Ֆութպոլի Հայաստանի ազգային հաւաքականի աւագ, իտալական «Ռոմա»ի կիսապաշտպան Հենրիխ Մխիթարեանը La Repubblica-ի հետ հարցազրոյցի ժամանակ խօսած է արցախեան պատերազմի ու Ատրպէյճանի մէջ գտնուող հայ ռազմագերիներու մասին։

«Արցախի մէջ պատերազմը կը շարունակուի 30 տարի, սակայն շատ երկիրներ կը նախընտրեն անտեսել այդ բախումը: Անհաւանական է, որ նման բան տեղի կ'ունենայ 21-րդ դարուն: Ցաւալի է, որ Ատրպէյճանի մէջ կան հայ գերիներ, որոնց գողցած են իրենց ընտանիքներէն։ Պատերազմի ընթացքին ես կոչով դիմեցի ամբողջ աշխարհին: Կարեւոր էր, որ մեր ձայնը դառնար լսելի։ Շնորհակալ եմ Իտալիոյ կառավարութեան աջակցութեան համար: Շնորհակալ եմ նաեւ բոլորին, որոնք ճանչցան Արցախի անկախութիւնը։

«Ռոմա»ի՝ Հայաստանին ուղարկած մարդասիրական օգնութիւնը հրաշալի նախաձեռնութիւն էր։ Ակումբը տեսաւ մարդոց վիշտը եւ որոշեց օգնել: Երբեք պիտի չմոռնամ «Ռոմա»ի ըրածը»,- ըսած է Հենրիխ Մխիթարեանը:

Քաղուած «Արեւելք» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/01/2021, 07:48