Որոնել

Թուրքիոյ մէջ աւերած են Սուրբ Թորոս հայկական Եկեղեցին Թուրքիոյ մէջ աւերած են Սուրբ Թորոս հայկական Եկեղեցին 

Թուրքիոյ մէջ աւերած են Սուրբ Թորոս հայկական Եկեղեցին

Սուրբ Թորոս եկեղեցին կառուցուած է Օսմանեան կայսրութեան Մուրատ սուլթանի օրով։ Թէեւ եկեղեցին 1603թ․ ջալալիական ապստամբութեան ժամանակ քանդուած է, բայց այնուհետեւ վերակառուցուած է։
Ունկնդրէ լուրը

Թուրքիոյ արեւմտեան Քիւթահիա նահանգին մէջ աւերած են Սուրբ Թորոս հայկական եկեղեցին։ Այս մասին, ըստ Ermenihaber.am-ի, գրած է իրաւապաշտպան Արլէթ Նաթալի Աւազեանը։ Ան յայտնի է թրքական իշխանութիւններուն հասցէագրուած սուր քննադատութիւններով։

«Դուք ընդհանրապէս յարգանք չունի՞ք պատմութեան նկատմամբ։ Հայերու պատմութիւնը ոչնչացնելով՝ այս հողերուն վրայ հայերուն գոյութիւնն ա՞լ կ՝անտեսէք»,- գրած է իրավապաշտպանը եւ յիշեցուցած Սուրբ Թորոս եկեղեցւոյ պատմութւնը՝ յղում կատարելով հայ մտաւորական Արշակ Ալպոյաճեանի գիրքին, ուր հեղինակը կը պատմէ եկեղեցւոյ տարածք կատարած իր այցին մասին։

Սուրբ Թորոս եկեղեցին կառուցուած է Օսմանեան կայսրութեան Մուրատ սուլթանի օրով։ Թէեւ եկեղեցին 1603թ․ ջալալիական ապստամբութեան ժամանակ քանդուած է, բայց այնուհետեւ վերակառուցուած է։ Ալպոյաճեանի գիրքին մէջ կը նշուի, որ մարդիկ կը հաւատան, որ Սուրբ Թորոսի ձիու պայտին հետքը կը գտնուի ա՛յն ժայռաբեկորին վրայ, ուր կառուցուած է եկեղեցին։ Ըստ աւանդութեան՝ թուրք կանայք հիւանդութիւններէ բուժուելու համար կու գային կը նստէին եկեղեցւոյ մօտ եւ հոգեւորականներէն կը խնդրէին սուրբ գիրք կարդալ։

Եկեղեցին ժամանակին ծառայած է նաեւ իբրեւ հանդիսութիւններու սրահ, ապա՝ ամբողջովին փակուած։ 

Քաղուած «Եռագոյն» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/01/2021, 07:42