Որոնել

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը 

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը հարուստ երկիրները քննադատած է «Քորոնա»-ի դէմ պատուաստանիւթի հարցին մէջ «ազգայնականութիւն» դրսեւորելու Համար

Կութիերեսի համաձայն, «Քորոնա» ժահրի համաճարակը բացայայտած է միջազգային համերաշխութեան բացակայութեան խնդիրը:
Ունկնդրէ լուրը

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի կարծիքով` որոշ զարգացած երկիրներ կ՛անտեսեն բնակչութեան պատուաստումներու հարցին մէջ այլ երկիրներու կարիքները: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը:

Կութիերեսի համաձայն, «Քորոնա» ժահրի համաճարակը բացայայտած է միջազգային համերաշխութեան բացակայութեան խնդիրը:

«Վերջերս մենք տեսանք պատուաստանիւթերու հետ առնչուած ազգայնականութեան այս դրսեւորումը, երբ որոշ հարուստ երկիրներ իրենց բնակչութեան համար պատուաստանիւթեր գնելու կը մրցէին` առանց հաշուի առնելու աղքատ երկիրներու նման կարելիութիւնները», շեշտած է ան:

Ըստ Կութիերեսի, համաճարակը առանձնայատուկ ազդեցութիւն ունեցած է աղքատներու եւ անօթեւաններու վրայ: 88 միլիոն մարդ յայտնուած է աղքատութեան մէջ, իսկ 270 միլիոնն ալ սննդամթերքի պակասի սպառնալիքի տակ է:

«Համաճարակը բացայայտեց մեր աշխարհի տկար կողմերը: Զանոնք ջնջելու համար անհրաժեշտ է նուազեցնել անհաւասարութիւնն ու անարդարութիւնը, ինչպէս նաեւ ամրապնդել փոխադարձ աջակցութեան եւ վստահութեան կապերը», ըսած է ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը:

Քաղուած «Ազդակ »էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/01/2021, 10:03