Պուրսայի Հայկական Եկեղեցին վաճառքի հանուած է
Յայտարարութեան համաձայն, եկեղեցւոյ համար գին ճշդուած է 6 միլիոն թրքական լիրա:
Թուրքիոյ Պուրսա քաղաքի հայկական եկեղեցին վաճառքի հանուած է: «Սփութնիք Արմենիա» կը հաղորդէ, որ տեղեկութիւնը կը յայտնէ Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ երեսփոխան Կարօ Փայլան:
«Երկրպագութեան վայրը կը վաճառուի՞: Հասարակութիւնն ու պետութիւնը ինչպէ՞ս կրնան այդպիսի բան արտօնել: Ամօ՛թ ձեզի», Դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է երեսփոխանը` հրապարակելով հայկական եկեղեցւոյ լուսանկարը:
Յայտարարութեան համաձայն, եկեղեցւոյ համար գին ճշդուած է 6 միլիոն թրքական լիրա:
Քաղուած «Ազդակ» էն
19/01/2021, 08:13