Որոնել

Այսօր Ուաշինկթընի մէջ Պայտընի նախագահական երդման արարողութիւնը։ Այսօր Ուաշինկթընի մէջ Պայտընի նախագահական երդման արարողութիւնը։  

Այսօր Ուաշինկթընի մէջ Պայտընի նախագահական երդման արարողութիւնը։

Միացեալ Նահանգներու արդարադատութեան նախարարի պաշտօնակատարը երէկ յայտարարեց, որ իրենք Միացեալ Նահանգներու նոր նախագահ Ճօ Պայտընի երդման արարողութիւնը բռնարարքով կամ որեւէ այլ քրէական արարքով խանգարել փորձող որեւէ անձի նկատմամբ խիստ պիտի գտնուին:
Ունկնդրէ լուրը

Երէկ շարունակուեցան Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Ճօ Պայտընի այսօր տեղի ունենալիք երդման արարողութեան պատրաստութիւնները` Ուաշինկթընի մէջ ապահովական մարմիններու մեծաթիւ ներկայութեամբ: Քափիթոլի ու մայրաքաղաքի կեդրոնի փողոցները փակուեցան հասարակութեան առջեւ եւ Ազգային պահակագունդի տասնեակ հազարաւոր անդամներ զօրակոչի ենթարկուեցան` ուժի հսկայական ցուցադրութեամբ մը:

Նախկին երդման արարողութիւններէն խզում մը արձանագրելով արարողութեան առիթով կայանալիք ձեռնարկներու մեծամասնութիւնը արդէն «Քորոնա» ժահրի համաճարակին պատճառով նախատեսուած էր կատարել առցանց:

Այս ամիս Քոնկրեսի շէնքին դէմ գործող նախագահ Տանըլտ Թրամփի համակիրներուն կողմէ գործուած յարձակումէն ետք, Ուաշինկթընը համակած մտավախութեան իբրեւ ցուցանիշ շէնքը փակուեցաւ եւ անոր արեւմտեան մուտքը, ուր երդման արարողութեան փորձը տեղի կ՛ունենար, դատարկուեցաւ, երբ երկուշաբթի օր մօտակայ կամուրջի մը տակ «փոքր հրդեհ» մը ապահովական ահազանգի հնչեցման պատճառ դարձաւ:

Արարողութեան ներկաներուն թիւը կրճատուած է` զգուշանալով «Քորոնա» ժահրի տարածումէն, եւ արարողութիւնը առնուած է Ազգային պահակագունդի շուրջ 25 հազար անդամներու հսկողութեան տակ: Վայրին շուրջ 4,6 մղոնի ապահովական գօտի մը հաստատուած է: Արարողութենէն ետք Քափիթոլէն Սպիտակ տուն տողանցք եւս պիտի չկատարուի:

Քոնկրեսի անդամները, որոնք սովորաբար արարողութեան տասնեակներով հրաւէրներ կը ստանային, այս տարի միայն մէկ հիւրի հրաւիրատոմս պիտի ստանան:

Ուաշինկթընի մէջ «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանի լրագրողը կը յայտնէ, թէ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը այսօր արարողութեան վայրին մէջ 3000 զինուորներ պիտի տեղակայէ` մեկնելով անոր անվտանգութիւնը ապահովող Ազգային պահակագունդի անդամներուն նկատմամբ մտավախութիւններէ:

Փենթակոնէն պաշտօնատարներ մտավախութիւն յայտնած են ներկաներու կամ Ազգային պահակագունդի անդամներու կողմէ յարձակումի մը նկատմամբ:

Նշենք, որ «Էֆ.Պի.Այ.»-ը Ուաշինկթըն հասնող Ազգային պահակագունդի բոլոր անդամներուն շուրջ հետաքննութիւն կը կատարէ:

Միացեալ Նահանգներու արդարադատութեան նախարարի պաշտօնակատարը երէկ յայտարարեց, որ իրենք Միացեալ Նահանգներու նոր նախագահ Ճօ Պայտընի երդման արարողութիւնը բռնարարքով կամ որեւէ այլ քրէական արարքով խանգարել փորձող որեւէ անձի նկատմամբ խիստ պիտի գտնուին:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/01/2021, 08:24