Որոնել

Կարդինալ Ռայի Կարդինալ Ռայի 

Ռայի Պատրիարք. «Լիբանանցի Ղեկավարնե՛ր, դուք Աստուծմէ կը վախնա՞ք»

Ռայի պատրիարքը հարց տուաւ նաեւ, թէ ինչպէ՞ս կարելի է արտօնել, որ կառավարութիւն գոյութիւն չունենայ եւ փտածութիւնը շարունակուի:
Ունկնդրէ լուրը

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Պքերքէի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան Ս. պատարագին, որուն ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ հարց տուաւ լիբանանցի պատասխանատուներուն, թէ ինչո՛ւ կ՛ուշանան կառավարութիւնը կազմելու, երբ ժողովուրդը իր ցաւերէն կը տառապի, «ըլլայ ան հիւանդանոցներու դռներուն թէ, դրամատուներուն դիմաց»:

Ռայի պատրիարքը հարց տուաւ նաեւ, թէ ինչպէ՞ս կարելի է արտօնել, որ կառավարութիւն գոյութիւն չունենայ եւ փտածութիւնը շարունակուի: «Ինչպէ՞ս նոր կառավարութիւն չէք կազմեր, երբ նուազագոյն աշխատավարձը նուազ քան 100 ամերիկեան տոլարի արժէք ունի: Ինչո՞ւ կառավարութիւն չէք կազմեր, երբ երկիրը մուտք գործած է վերջնական քանդումի փուլ», հարց տուաւ Ռայի պատրիարքը:

Ռայի պատրիարքը ընդգծեց, որ եթէ Լիբանանի մէջ չէզոքութիւն ըլլար, ապա սահմանադրական ոչ մէկ տագնապ կ՛ունենար երկիրը, ներառելով կառավարութեան կազմութեան տագնապը, որուն հիմնական պատճառը քաղաքական արտաքին հաւատարմութիւններն են:

«Լիբանանցի ղեկավարնե՛ր, դուք Աստուծմէ կը վախնա՞ք», հարց տուաւ Ռայի պատրիարքը:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/01/2021, 09:40